Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պետական Քարտուղարութեան Յայտարարութիւնը Կը Ձգտի Թուրքիան Սիրաշահելու

Պետական Քարտուղարութեան Յայտարարութիւնը Կը Ձգտի Թուրքիան Սիրաշահելու

by MassisPost

«Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու վերաբերեալ Ծերակոյտի մէջ անցած շաբաթ ընդունուած բանաձեւը նախագահ Թրամփի վարչակազմի քաղաքականութիւնը չարտացոլեր», – յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու Պետական քարտուղարութիւնը:

Ամերիկայի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը Ծերակոյտի մէջ միաձայն ընդունուած թիւ 150 բանաձեւին անդրադարձաւ անոր քուէարկութենէն հինգ օր անց միայն, հակիրճ յայտարարութեամբ մը, որ, ինչպէս Associated Press-ը մեկնաբանած է, «ակնյայտօրէն տարածուած է Թուրքիան սիրաշահելու համար»: Ընդամէնը երկու նախադասութենէ բաղկացած այդ ուղերձը հեղինակած է Պետական քարտուղարութեան խօսնակ Մորկան Օրտակուսը, պնդելով․ – «Ամերիկեան վարչակազմի դիրքորոշումն անփոփոխ է: Մեր մօտեցումը արտացոլուած է այս տարուան Ապրիլին ԱՄՆ նախագահի կողմէ հնչեցուած վերջնական յայտարարութեան մէջ»:

Յիշատակուած ուղերձին մէջ՝ Հայոց ցեղասպանութեան հերթական տարելիցին, նախագահ Տանըլտ Թրամփը 1915 թուականի իրադարձութիւններն անուանած էր «Մեծ Եղեռն», յարգանքի տուրք մատուցել «20-րդ դարու ամենասարսափելի ողբերգութիւններէն մէկու զոհերու յիշատակին», միեւնոյն ժամանակ կրկնած իր նախորդներու քաղաքականութիւնն ու խուսափած «ցեղասպանութիւն» եզրոյթէն: Անոր փոխարէն ԱՄՆ նախագահը յորդորած էր հայերուն եւ թուրքերուն «ճանչնալ եւ հաշուի նստիլ իրենց ցաւոտ պատմութեան հետ»:

«Վարչակազմը չընդունիր Ծերակոյտի որոշումները», – արձագանգելով վերջին յայտարարութեան՝ գրած է New York Times-ը:

«Թրամփը կրկին Թուրքիոյ կողմը կը բռնէ՝ դէմ երթալով Քոնկրեսի երկկուսակցական որոշումներուն», – մեկնաբանած է ամերիկեան Business insider-ը:

«Ժխտումը ցեղասպանութեան վերջին ակորդն է, եւ հայերը այն բոլորէն լաւ գիտեն», – իր հերթին Forbes-ի մէջ գրած է հեղինակաւոր փորձագէտ, իրաւապաշտպան Էվելինա Օչապը:

Հայամետ ծերակուտական, Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 150 բանաձեւի համահեղինակ Ռոպերթ Մենենտեսը եւս քննադատած է նախագահ Թրամփը ու պետական քարտուղար Մայք Փոմփէօն պատմութեան սխալ կողմը կանգնելու համար. – «Թէեւ անոնց այդ քայլը սպասելի էր, սակայն ես խորապէս հիասթափուած եմ, որ թէ՛ նախագահը, թէ՛ պետական քարտուղարը դեռ չեն գտած իրենց բարոյական ուղեցոյցն այս հարցի վերաբերեալ եւ կը շարունակեն թոյլ տալ Թուրքիոյ արգելափակել մեր ներքին որոշումները», – France-Presse-ին ըսած է դեմոկրատ Մենենտեսը- որուն ջանքերով անցեալ շաբաթ Ծերակոյտը միաձայն ճանչցած էր Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment