Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Սերժ Սարգսեանի Պաշտպանական Խումբը Պիտի Բողոքարկէ Դատախազութեան Որոշումը

Սերժ Սարգսեանի Պաշտպանական Խումբը Պիտի Բողոքարկէ Դատախազութեան Որոշումը

by MassisPost

Հայաստանի նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի պաշտպանական խումբը կը պատրաստուի բողոքարկել դատախազութեան որոշումը, որով մերժուած էր Սերժ Սարգսեանի նկատմամբ քրէական հետապնդումը դադարեցնելու իրենց պահանջը: Այդ մասին «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ յայտնած է Սերժ Սարգսեանի պաշտպան Ամրամ Մակինեանը՝ նշելով, որ դատախազութեան որոշումն անհիմն կը համարեն:

Սերժ Սարգսեանի պաշտպանը բողոք ներկայացուցած էր՝ պահանջելով վերացնել անոր որպէս մեղադրեալ ներգրաւելու մասին որոշումը, բողոքարկման հիմք ընդունելով Հայաստանի պաշտօնաթող նախագահի գործառոյթային անձեռնմխելիութեան հանգամանքը՝ պնդելով՝ երրորդ նախագահին վերագրուած է այնպիսի արարք, որ բխած է անոր կարգավիճակէն եւ գործունէութենէն:

Դեկտեմբեր 11-ին դատախազը մերժած էր այս բողոքը՝ նշելով, որ Սարգսեանին մեղսագրուած են այնպիսի գործողութիւններ, որոնք չեն բխիր Հայաստանի Սահմանադրութեամբ եւ օրէնքներով Սարգսեանին վերապահուած լիազօրութիւններէն, որոնք աղերս չունին անոր կարգավիճակի հետ, ուստի պաշտօնաթող նախագահն այս պարագային անձեռնմխելիութեան սահմանադրական երաշխիքէն չի կրնար օգտուիլ։ Դատախազի այս որոշումը Սերժ Սարգսեանի պաշտպանական խումբը նաեւ դատարանէն ներս պիտի բողոքարկէ:

Ինչ կը վերաբերի մօտ կէս միլիառ դրամի յափշտակութիւն կազմակերպելու համար մեղադրուող նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի ու գիւղատնտեսութեան նախկին նախարար Սերգօ Կարապետեանի առերեսման մասին տեղեկութեան, Ամրամ Մակինեանը չէ մեկնաբանած:

«Ես լուրերը չեմ մեկնաբանում, կարող եմ նորից կրկնել այն, ինչ ասել եմ առաջին անգամ Դեկտեմբերի 4-ին: Ես պարոն Սարգսեանի մասնակցութեամբ կատարուած քննչական գործողութեան միւս մասնակցի՝ այսինքն՝ առերեսուողի անուն-ազգանուան մասին այս պահին էլ որեւէ տեղեկատւութիւն չեմ կարող յայտնել: Այս պահին դեռեւս մամուլի համար նոր բան չունենք ասելու: Երբ որ կը լինի նոր տեղեկատւութիւն, անպայման տեղեկատւութիւնը կը տանք մամուլին», -ըսած է ան:

Յիշեցնենք, որ Դեկտեմբեր 4-ին Յատուկ քննչական ծառայութիւնը յայտարարած էր, որ Սերժ Սարգսեանին մեղադրանք առաջադրուած է այն բանի համար, որ ան կազմակերպած է առանձնապէս խոշոր չափի՝ մօտ կէս միլիառ դրամի յափշտակութիւնը: Անոր նկատմամբ որպէս խափանման միջոց ընտրուած է չհեռանալու մասին ստորագրութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment