Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիան Կը Սպառնայ Փակել Ամերիկեան Ռազմակայանները

Թուրքիան Կը Սպառնայ Փակել Ամերիկեան Ռազմակայանները

by MassisPost

Թուրքիան կը սպառնայ փակել Ինճիրլիքի եւ Քիւրեճիքի մէջ տեղակայուած ամերիկեան ռազմակայանները՝ ի պատասխան Միացեալ Նահանգներու սահմանած պատժամիջոցներու եւ ամերիկեան Ծերակոյտի կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 150 բանաձեւի ընդունման: Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Էրտողանը նախօրէին թրքական ATV եւ A-Haber հեռուստաալիքներու համատեղ ուղիղ եթերին:

«Եթէ պէտք ըլլայ, Ինճիրլիքն ալ կը փակենք, Քիւրեճիքն ալ, ամէն ինչ կախուած է փոխադարձ վերաբերմունքէ: Եթէ մեզ պատժամիջոցներով կը սպառնան, ապա մենք ալ պատասխան քայլեր պիտի ձեռնարկենք: Երկուստեք կարեւոր է, որ Միացեալ Նահանգներն այնպիսի քայլեր չընէ, որոնք անդառնալի հետեւանքներ կը թողէն երկկողմ յարաբերութիւններու վրայ», – ըսած է Էրտողանը:

Ան պնդած է, թէ ամերիկեան կողմի գործողութիւնները չեն համապատասխաներ իրենց դաշնակցային յարաբերութիւններու ոգիին, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսին յորդորելով վերջ դնել երկու երկիրներու փոխյարաբերութիւններու բնոյթի հետ կապ չունեցող հարցերը «ներքաղաքական բանավէճերու առարկայ դարձնելուն»:

«Կ’ակնկալենք, որ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութիւնն անհրաժեշտ միջոցներ պիտի ձեռնարկէ՝ կանխելու համար այն քայլերը, որոնք կրնան աւելի վնասել երկկողմ յարաբերութիւնները», – նշած է Էրտողանը:

Թուրքիոյ նախագահը չէ մոռցած արխիւներու թեման: «Մենք հիմա կը բանանք մեր զինուած ուժերու արխիւներուն մէջ առկայ աւելի քան մէլ միլիոն փաստաթուղթ, թող գան պատմաբաններն ու իրաւաբանները, ուսումնասիրեն զանոնք: Հայաստանի մէջ կա՞յ, թէ՞ ոչ: Թող բոլորն ալ բանան իրենց արխիւները, որ ուսումնասիրուին պատմաբաններու յանձնաժողովներու կողմէ: Անկէ ետք միայն հարկ եղած պարագային մենք՝ քաղաքական գործիչներս, կը միջամտենք», – ըսած է Էրտողանը՝ աւելցնելով, թէ ցեղասպանութեան հարցի մասին կարելի է խօսիլ միայն հիմնաւորուած փաստարկներով:

Թուրքիոյ նախագահը շտապած է նաեւ պատմութեան դասեր տալ Հայոց ցեղասպանութեան հարցն իրենց խորհրդարան բերած երկիրներուն: Ան ԱՄՆ-ին յիշեցուցած է հնդիկներու մասին՝ այդ թեման համարելով ամերիկացիներու ամօթը, ֆրանսացիներուն ալ մեղադրած է Ռուանտայի եւ Ալժիրիոյ կոտորածները իրականացնելու մէջ:

«Մենք ի ցոյց կը դնենք, որ Արեւմուտքի անցեալը խտրականութեան եւ գաղութատիրութեան պատմութիւն է», – յայտարարած է Էրտողանը՝ համոզմունք յայտնելով, թէ ցեղասպանութիւններով ու կոտորածներով լեցուն պատմական անցեալ ունեցողները իրաւունք չունին արտայայտուելու թրքական «պանծալի» պատմութեան մասին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment