Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Վարչապետը Ներկայ Գտնուած Է Ադամանդագործական Նոր Գործարանի Բացման Միջոցառումին

Վարչապետը Ներկայ Գտնուած Է Ադամանդագործական Նոր Գործարանի Բացման Միջոցառումին

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Աբովեան քաղաքի մէջ ներկայ գտնուած է «Էյ Տի Էմ Տայմընտս» ադամանդի գործարանի բացման արարողութեան:

Վարչապետի աշխատակազմէն յայտնած են, ծրագրի իրականացման համար կատարուած է շուրջ 3,5 միլիոն տոլարի ներդրում: Կը ծրագրուի 2020 թուականին արտահանման ծաւալները հասցնել մինչեւ 100 միլիոն տոլարի:

diamond factory-1

Վարչապետը շրջայց կատարած է ընկերութեան մէջ՝ ծանօթացած է ադամանդի վերամշակման գործընթացին եւ յառաջիկայ ծրագրերուն: Նիկոլ Փաշինեանը կարեւորած է ոլորտի զարգացումը մեր երկրին մէջ եւ նշած, որ կառավարութիւնն իր գործիքակազմերի շրջանակէն ներէս պատրաստ է ցուցաբերել համապատասխան օժանդակութիւն:

Ընկերութեան ղեկավարի խօսքով՝ այս փորձի կիրառումը Հայաստանի մէջ հնարաւորութիւն կու տայ աշխատատեղեր ստեղծել հեռաւոր մարզերու մէջ՝ այնտեղ, ուր կայ զբաղուածութեան խնդիր, լուծելով ընկերային կարեւորագոյն հարց: Ընկերութեան մէջ կը գործէ նաեւ հաշմանդամներու արտադրամաս, որ պիտի ընդլայնուի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment