Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիոյ ԱԳՆ. «Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Գործընթացի Վերսկսումը Կախուած Է Հայաստանի Քայլերէն»

Թուրքիոյ ԱԳՆ. «Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Գործընթացի Վերսկսումը Կախուած Է Հայաստանի Քայլերէն»

by MassisPost

Թուրքիոյ ԱԳՆ-ն հրապարակած է 2020 թուականի տնտեսական տարուան պիւտճէի նախագիծը, որուն մէջ կ’ամփոփուի  երկրի արտաքին քաղաքականութեան 2019 թուականը ինչպէս նաեւ կը նշուին 2020-ի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական սկզբունքները, կը տեղեկացնէ regionmonitor.com-ը:

Փաստաթուղթին մէջ անդրադարձ կայ նաեւ Հայաստանին եւ Հայոց ցեղասպանութեան:

Հայաստանին վերաբերող հատուածը ընդգրկուած է Հարաւային Կովկաս բաժնին մէջ, ուր մասնաւորապէս նշուած է. «Հարաւային Կովկասի մէջ ամբողջական եւ համապարփակ կարգաւորման մեր նպատակը կը պահպանուի: Այս առումով Հայաստանի հետ մեր յարաբերութիւնները կարգաւորելու ցանկութիւնը չէ փոխուած: Սակայն Հայաստանի կողմէ  Ցիւրիխեան արձանագրութիւններու առկախման, 2015-ի Փետրուարին խորհրդարանէն ետ կանչելու եւ 2018-ի Մարտ 1-ին՝ նախագահական ընտրութենէն մէկ օր առաջ, անոնք առ ոչինչ համարելու հետեւանքով գործընթացը ձախողեցաւ: Հայաստանի՝ մեր երկիրը թիրախաւորող պահուածքը անխափան կը շարունակուի: Գործընթացի վերսկսումը բնականաբար կախուած է Հայաստանի քայլերէն: Ամէն պարագայի, հնարաւոր զարգացումները կրնան մնայուն եւ շարունակական ըլլալ, եթէ Հարաւային Կովկասի մէջ համապարփակ խաղաղութեան ուղղուած յստակ քայլեր առնուին: Հետեւաբար, Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման համար հիմք ստեղծելու նպատակով ԼՂ խնդրի լուծման ուղղութեամբ քայլեր ընելն էական է»:

Փաստաթուղթին մէջ առանձին գլուխով անդրադարձ կատարուած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացին: «1915-ի դէպքերը» խորագրով հատուածին մէջ նշուած է, որ 2019-ին Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած են Իտալիոյ ներկայացուցիչներու պալատը, Փորթուկալի խորհրդարանը, ԱՄՆ-ի ներկայացուցիչներու պալատը, իսկ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը Ապրիլ 24-ը Ֆրանսայի մէջ յիշատակի օր հռչակած է:

Այնտեղ նշուած են ցեղասպանութեան ժխտողականութեան թրքական թեզերը՝շեշտադրելով Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ իրաւական դաշտի մէջ Թուրքիոյ «ձեռքբերումները»՝ նշելով. «Մեր երկիրը վճռական է շարունակելու 1915թ դէպքերու վերաբերեալ իրաւական եւ պատմական ճշմարտութիւններու վրայ հիմնուած դիրքորոշումը եւ ապագային միտուած կառուցողական մօտեցումը: Այս առումով Հայաստանի կողմէ ճիշդ մօտեցում կ’ըլլայ եթէ վերջինը Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն մէջ կառուցողական մօտեցում որդեգրէ եւ հրաժարի մեր երկրի սեւացմանն ուղղուած քարոզչութենէն»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment