Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Գլխաւոր Ռազմական Տեսուչը Եւ Երկու Տեղակալները Ազատուած Են Պաշտօններէն

Գլխաւոր Ռազմական Տեսուչը Եւ Երկու Տեղակալները Ազատուած Են Պաշտօններէն

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշմամբ Մովսէս Յակոբեանը ազատուած է գլխաւոր ռազմական տեսուչի պաշտօնէն:

Վարչապետի երկու այլ որոշումներով՝ Կամօ Քոչունցը ազատուած է գլխաւոր ռազմական տեսուչի առաջին տեղակալի, Վաչական Ներսէսեանը՝ գլխաւոր ռազմական տեսուչի տեղակալի պաշտօններէն:

Մովսէս Յակոբեանը գլխաւոր ռազմական տեսուչ նշանակուած էր անցած տարուան Մայիս 24-ին, մինչ այդ ան կը զբաղեցնէր Զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետի պաշտօնը:

Մովսէս Յակոբեանի եւ անոր տեղակալներու պաշտօնանկութիւնը կապուած է Ռազմական գլխաւոր տեսչութեան մէջ կառուցուածքային փոփոխութիւններու հետ։

NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ Պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեանը ըսած է, որ ռազմական գլխաւոր տեսչութիւնը պիտի անուանափոխուի եւ պիտի տեղափոխուի Պաշտպանութեան նախարարութեան ենթակայութեան ներքոյ:

«Գործառոյթները մնալու են նոյնը, սակայն անուանափոխուելու է եւ տեղափոխուելու է ՊՆ ենթակայութեան ներքոյ»,-ըսած է ան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment