Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Gallup. Հայաստանը Ամենաանվտանգ Երկրներու Ցանկին Մէջ Է՝ Զուիցերիոյ Ու Ֆինլանտայի Միջեւ

Gallup. Հայաստանը Ամենաանվտանգ Երկրներու Ցանկին Մէջ Է՝ Զուիցերիոյ Ու Ֆինլանտայի Միջեւ

by MassisPost

Gallup-ը հրապարակած է «Համաշխարհային օրէնք եւ կարգ» 2019 թուականի զեկոյցը, ուր կը ներկայացուին, թէ տարուան ընթացքին որ երկրները ինչ յառաջընթաց կատարած են` համապատասխանելու ՄԱԿ-ի կայուն զարգացման նպատակին` ունենալով «արդար, խաղաղ եւ ներառական հասարակութիւններ»:

Զեկոյցին մէջ Հաաստան յայտնուած է ամենաանվտանգ երկիրներու տասնեակին մէջ` գրաւելով 7-րդ տեղը, յայտնուելով Զուիցերիոյ ու Ֆինլանտայի միջեւ: Այն հարցումին,  թէ Հայաստանի մէջ իրենք իրենց անվտանգ կը զգան, այո պատասխանած է 89 տոկոսը:

Ամէնէն անվտանգ երկիրներու առաջին երեք եկիրներն են Սինկափուրը, Նորվեգիան ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները:

2018-ին աֆղանցիներուն ընդամէնը 13%  ըսած է, որ իրենք իրենց ապահով կը զգան, այդպիսով այդ երկիրը կը գրաւէ ցանկին վերջին տեղը: Աղիւսակի նախավերջին եռեակին մէջ են Աֆղանստանը, Վենեզուելան ու Հարաւային Ափրիկէն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment