Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետ. Կրթութեան Եւ Գիտութեան Ոլորտին Մէջ Պիտի Երթանք Վճռական, Սկզբունքային Եւ Հետեւողական Փոփոխութիւններու

Վարչապետ. Կրթութեան Եւ Գիտութեան Ոլորտին Մէջ Պիտի Երթանք Վճռական, Սկզբունքային Եւ Հետեւողական Փոփոխութիւններու

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մօտ տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն, որու ընթացքին ներկայացուած են Բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան մասին օրինագիծը եւ առաջարկուող փոփոխութիւնները:

Ինչպէս կը յայտնեն վարչապետի աշխատակազմէն, Նիկոլ Փաշինեանը նշած է, որ վերը նշուած օրինագիծը կարեւոր եւ սկզբունքային է. – «Ինչի՞ց է առաջանում նման նախագիծ ունենալու եւ փոփոխութիւններ անելու անհրաժեշտութիւնը. առաջինը՝ այն արձանագրումից, որ մենք կրթական համակարգում ունենք լուրջ խնդիրներ: Եւ պէտք է ուղիղ ասել, որ մեր կրթական համակարգը չի ապահովում մեր երկրի զարգացումը, առաւել եւս չի ապահովում մեր երկրի, մեր ժողովրդի, մեր ազգի ձգտումները, որոնք այսօր արդէն ձեւակերպուած են որպէս կառավարութեան ծրագիր, որոնք ձեւակերպւում են որպէս ռազմավարութիւն եւ որոնց մասին մենք բազմիցս խօսել ենք:

Հետեւաբար, ուզում եմ եւս մէկ անգամ արձանագրել, որ կառավարութիւնն այս հարցում գնալու է վճռական, սկզբունքային եւ հետեւողական փոփոխութիւնների, եւ այստեղ, ինչպէս մի քանի անգամ ասել եմ, կառավարութեան եւ, ըստ էութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիների ոտքերից կախուելը եւ նրանց ճահիճների մէջ քաշելն ու այնտեղ պահելը չի ստացուելու: Ես ուզում եմ, որ սա մենք բոլորս յստակ արձանագրենք», – յայտարարած է վարչապետը:

Շարունակելով ան ընդգծած է, որ այս քաղաքական արձանագրումը բացարձակ չէ այն առումով, որ չեն կրնար արձանագրել, որ իրենք ճշմարտութեան միակ աղբիւրն են եւ գտած են բոլոր հնարաւոր հարցերու բանալին:

«Այն, որ չի կարող այսպէս շարունակուել՝ շատ յստակ է, բայց, բնականաբար, մենք ոչ միայն պէտք է խնդիր դնենք համակարգը բարեփոխել, այլեւ համակարգը պէտք է բարեփոխենք այնպէս, որ ոչ միայն մեր յետագայ բնականոն զարգացումն ապահովուի, այլեւ հնարաւորինս կրճատենք բաց թողնուած ժամկէտը, որովհետեւ մինչ մենք այս ընթացքում կանգնել-մնացել ենք նոյն տեղում, մեղմ ասած, այդ ընթացքում կրթական ոլորտում համաշխարհային առումով շատ լուրջ փոփոխութիւններ են տեղի ունեցել, եւ մենք պէտք է այլ ճանապարհներ ընտրենք այդ բաց թողնուած ժամանակն ու բովանդակութիւնը լրացնելու համար», – աւելցուցած է վարչապետը:

Ըստ Փաշինեանի, այստեղ կարեւոր է, որ կարենան իսկապէս շատ շահագրգիռ, մասնագիտական քննարկում նախաձեռնել եւ լսել բոլոր կարծիքները:

ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարար Արայիկ Յարութիւնեանը նշած է, որ օրինագիծով կը նախատեսուի բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան համակարգերու ընդելուզում, անցում գիտական աստիճանաշնորհման միաստիճան համակարգին եւ բարձրագոյն կրթութեան եռաստիճան համակարգի լիարժէք ներմուծում, «Առկայ եւ հեռակայ» ուսուցման համակարգի փոխարինում «լրիւ կամ մասնակի բեռնուածութեան» համակարգով, օտար լեզուներով կրթական ծրագրերու կամ առանձին դասընթացներու իրականացում, բուհերու ընդունելութեան կազմակերպման նոր սկզբունքներու եւ մեխանիզմներու ներդնում, բուհերու կառավարման ապաքաղաքականացում:

Կը նախատեսուի նաեւ բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան ֆինանսաւորման նոր սկզբունքներու եւ մեխանիզմներու ներդնում, բուհերու եւ գիտական կազմակերպութիւններու ինքնավարութիւն, ակադեմիական ազատութիւններ եւ հաշուետուողականութիւն, բուհերու եւ գիտական կազմակերպութիւններու վարչական աշխատակազմի, ակադեմիական կազմի երիտասարդացման խթանում, հայոց լեզու, հայ գրականութիւն եւ հայոց պատմութիւն դասընթացներու՝ բոլոր մասնագիտութիւններու համար դասաւանդումը բուհերու իրաւասութեան վերապահելը եւ այլն:

Վարչապետը կարեւորած է օրինագիծի համալիր քննարկումը շահագրգիռ բոլոր կողմերու հետ եւ նշած, որ այն պէտք է բովանդակային լուծում տայ կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտներուն մէջ առկայ խնդիրներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment