Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող Հայկական «Մարմարա» թերթը կը տեղեկացնէ որ, Հայկական Անհիմն Պնդումներու Դէմ Պասյքարի Միութեան (ԱՍԻՄՏԷՐ) նախագահ Կէօքսէլ Կիւլպէյ որ, պարբերաբար հանդէս կու գայ հակահայ յայտարարութիւններով, այս անգամ հայազգի քաղաքական գործիչ Կարօ Փայլանը կը մեղադրէ դաւաճանութեամբ:
Կէօքսէլ Կիւլպէյ կը յիշեցնէ Կարօ Փայլանի Արժանթին այցելութիւնը, որ իրականացած էր Օգոստոս ամսուն ու կը նշէ որ Փայլան այցելելով Արժանթինի մէջ հայկական Հնչակեան կուսակցութեան գրասենեակ, դաւաճանած է Թուրքիոյ Խորհրդարանին մէջ իր ըրած երեսփոխանական երդումին: Կիւլպէյի անհիմն կը յայտարարէ, որ Հնչակեան կուսակցութեան անդամներու ձեռամբ է որ նահատակուած էին տասնեակներով թուրք դիւանագէտներ:
Ասիմտէր-ի նախագահը զուգահեռներ կը գծէ Փայլանի եւ աւստրիացի քաղաքական գործիչ Մոնիքա Ունկէրի միջեւ: Կը յիշեցնէ որ Ունկէր նամակ գրած էր Փութինին, ըսելով. «Դուն ռուսական բանակով պաշարէ Աւստրիան ու յետոյ ղեկավարութիւնը ինծի յանձնէ»: Այդ նամակը սուղի արժած էր աւստրիացի գործիչին ու դատարանը հայրենիքի դէմ դաւաճանութեան յանցանքով Ունկէրը դատապարտած էր 14 տարուայ բանտարկութեան:
Կիւլպէյի կարծիքն այն է որ եւս Փայլան դաւաճանած է Թուրքիոյ Հանրապետութեան պետական քաղաքականութեան ու թուրք ժողովուրդին: «Փայլան ամէն առիթով կը խօսի կարծեցեալ հայկական ցեղասպանութեան մասին ու կը նուաստացնէ մահմետական թուրք ժողովուրդը: Արժանթին այցելութիւններն ու հոն ունեցած հանդիպումները անհանդուրժելի են: Ան խորհրդարանի ամպիոնէն երդում ըրած էր պաշտպանել ու հաւատարիմ մնալ Թուրքիոյ ժողովուրդի շահերուն», կ՛ըսէ Կիւլպէյ:
ԱՍԻՄՏԷՐ-ի նախագահը կը պնդէ որ Փայլան խորհրդարանի մէջ իր ելոյթներով միշտ կը վարկաբեկէ Թուրքիան: «Արժանթին այցելութեան օրերուն ալ ան այցելած էր Հնչակեան կուսակցութեան գրասենեակ, այցելած էր յուշարձանը Հայաստանի հիմնադիր ֆաշիսթ քաղաքական գործչի, որ 1915-1920 թուականներուն կոտորած էր մահմետական թուրք եւ քիւրտ ժողովուրդը, լուսանկարուած էր Ղարաբաղեան դրօշի առջեւ, առանց նկատի ունենալու որ Ղարաբաղը Ատրպէյճանական հողատարածք է ու ներկայիս կը գտնուի բռնագրաւման տակ», կը յիշեցնէ Կիւլպէյ: Ան իր յայտարարութիւնները ընելէ ետք կը պահանջէ որ Փայլան եւս պատժի ենթարկուի այնպէս, ինչպէս դաւաճանութեամբ պատժուած էր աւստրիացի քաղաքական գործիչը: