Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ամուլսարի Գործով Քննչական Կոմիտէն Նոր Տուեալներ Ձեռք Բերած Է

Ամուլսարի Գործով Քննչական Կոմիտէն Նոր Տուեալներ Ձեռք Բերած Է

by MassisPost

Ամուլսարի հանքի շահագործման գործով Քննչական կոմիտէն շարք մը տուեալներ ձեռք բերած է, որոնք կ’ենթադրեն քննութիւն կատարել նոր ուղղութեամբ: Կոմիտէի ղեկավար Հայկ Գրիգորեանի խօսքով՝ քննութիւնը պիտի ընթանայ երեք մասերով, անոնցմէ մէկը շրջակայ միջավայրի վրայ ազդեցութեան ժամանակին տրուած գնահատականին (ՇՄԱԳ) կը վերաբերի:

«Բնապահպանութեան նախարարութեան էդ ՇՄԱԳ-ի ՊՈԱԿ-ը, որը որ տալիս է եզրակացութիւնը՝ հիմնուելով այլ շահագրգիռ մարմինների կողմից տրուած եզրակացութիւնների վրայ, նախ պէտք է հասկանանք՝ ինչո՞ւ ժամանակին չի ստուգուել, կամ արդեօ՞ք պատշաճ են ստուգուել ՇՄԱԳ-ում տեղ գտած այդ տուեալները», – ըսած է Գրիգորեանը:

Միւսը կառավարութեան պատուէրով Ամուլսարի ՇՄԱԳ-ի ուսումնասիրութիւնը կատարած «Էլարտ» ընկերութեան կը վերաբերի: «Եւ երկրորդը՝ ես կարծում եմ, որ «Էլարտ»-ի փորձագէտներին իրենց տուած եզրակացութեան շուրջ հարցաքննելու կարիք կայ՝ պարզաբանումնե՛ր տալու համար», – նշած է Քննչական կոմիտէի նախագահը:

Քննչական կոմիտէն ի սկզբանէ Բնապահպանութեան նախարարութենէն պահանջած է եւ ստացած Ամուլսարի հանքի շուրջ բոլոր կարեւոր փաստաթուղթերը, սակայն երբ վարչապետ Փաշինեանը յանձնարարած է ստուգել՝ կա՞յ նոր ՇՄԱԳ կատարելու անհրաժեշտութիւն, թէ՞ ոչ, ըստ Գրիգորեանի ի յայտ եկած են շարք մը փաստաթուղթեր, որոնք իրենց չէին տրամադրած․ – «Եւ դա պայմանաւորում է քննութեան նոր զարգացում»:

Այս մասով Քննչական կոմիտէի նախագահը այլ մանրամասներ չէ ներկայացուցած:

Դէպքերու այսպիսի զարգացումը սպասելի էր, «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է բնապահպան Սիլվա Ադամեանը: Ըստ անոր՝ կայ շրջանակ մը, որ որոշ տուեալներ թաքցուցած է: «Այսինքն, մարդիկ, ովքեր իբր փորձագէտներ են, փորձել են էնպիսի տպաւորութիւն ստեղծել, որ «մենք ամէն ինչ ուսումնասիրել ենք»՝ ե՛ւ ջրերի վրայ, ուրեմն, ամբողջ ազդեցութիւնը, ե՛ւ փոշու ազդեցութիւնը շրջակայ միջավայրի վրայ, եւ ի հարկէ, ամենամեծ փաստը, որ թաքցուել է բոլորից, դա ուրանի առկայութիւնն է շրջակայքում», – նշած է բնապահպանը:

Նախորդ դարու կէսերուն սովետական իշխանութիւնները Ամուլսարի տարածքին հետազօտութիւն կատարած են, որուն յղում ընելու ժամանակ շարք մը բնապահպաններ պնդած են, որ այնտեղ ռատիաքթիւ (շողարձակ-շողագործօն) տարր հանդիսացող ուրան կայ, թէկուզ՝ չնչին քանակով:

«Եթէ հանքի շրջակայքում կայ ուրան, ապա հնարաւոր չի, որպէսզի հանքը շահագործելու ժամանակ էդ ուրանը ազդեցութիւն չունենայ շրջապատի վրայ», – ընդգծած է Սիլվա Ադամեանը: Հարցին՝ «այսինքն, ըստ Ձեզ, ՇՄԱԳ-ի մէջ այդ փաստը անտեսե՞լ են», բնապահպանը արձագանգած է․ – «Ի հարկէ չկայ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment