Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ֆրանսիայի Մէջ Յարձակում Կատարուած Է Հայկական Սամուէլ-Մուրատեան Վարժարանին Դէմ

Ֆրանսիայի Մէջ Յարձակում Կատարուած Է Հայկական Սամուէլ-Մուրատեան Վարժարանին Դէմ

by MassisPost

Փարիզի հիւսիսը յարձակում կատարուած է Սամուէլ-Մուրատեան հայկական վարժարանի դէմ։ Այս մասին  Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեանը գրած է իր Թուիթըրի էջին։

Դեսպանը դատապարտած է վանտալիզմի գործողութիւնը։

«Մենք լրջօրէն անհանգստացած ենք կրկնուող վանտալիզմէն Սեւրի Սամուէլ-Մուրատեան հայկական վարժարանի դէմ։ Այդ գործողութիւնները պէտք չէ անպատիժ մնան»,- գրած է ան:

Նշենք, որ առաջին յարձակումը վարժարանի վրայ տեղի ունեցած էր 2019-ի Յունուարին։

Յիշեցնենք, որ Հոկտեմբեր 20-ին Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը տեղեկացուցած էր այդ երկրին մէջ հրատարակուող ֆրանսալեզու Nouvelles d’Arménie (Հայաստանի նորութիւններ) ամսագրի գրասենեակի վրայ յարձակման մասին։

Պարբերականի տուեալներով՝ յարձակումը կատարուած է Կիրակի գիշեր։ Նշուած է, որ կոտրուած է խմբագրութեան դուռը, գողացած են տեսախցիկն ու երեք համակարգիչ, ուր կը պահուէին գաղտնի տեղեկութիւններ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment