Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Յաջողութիւնը Միացեալ Նահանգներու Շահերէն կը Բխի` Լսումներ ԱՄՆ-ի Քոնկրէսէն Ներս

Հայաստանի Յաջողութիւնը Միացեալ Նահանգներու Շահերէն կը Բխի` Լսումներ ԱՄՆ-ի Քոնկրէսէն Ներս

by MassisPost

«Թաւշեայ յեղափոխութեան» արդիւնքով իշխանութեան եկած Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութիւնը Հայաստանի նորանկախ պատմութեան մէջ լաւագոյն հնարաւորութիւնը ունի իրական ժողովրդավարութիւն բերելու, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի Հելսինքեան յանձնաժողովի կողմէ կազմակերպուած լսումներու ընթացքին յայտարարած է Գերմանական Մարշալի Հիմնադրամի վերլուծաբան Ճոնաթան Քացը.

«Հայաստանին անհրաժեշտ է օգնել յաջողութիւն արձանագրել եւ այդ միայն հայերու համար կարեւոր չէ: Հայաստանի յաջողութիւնը շատ կարեւոր է ԱՄՆ-ի եւ Եւրոմիութեան համար, որպէս օրինակ Եւրասիայի մէջ եւ համաշխարհային առումով, որ ժողովրդավարութեան յաղթանակը հնարաւոր է»:

Քոնկրէսական Ճեքի Կանչելեան-Սփիրը, որ օրերս վերադարձած էր Հայաստան եւ Լեռնային Ղարաբաղ կատարած այցէն, նշած է. Հայաստանի «Թաւշեայ յեղափոխութիւնը» կրկին անգամ բոլոր երկիրներուն ժողովրդավարութիւն հաստատելու յոյս տուած է: Միեւնոյն ժամանակ, քոնկրէսականը համոզուած է, յեղափոխութեան արդիւնքով բացուած հնարաւորութիւնը եզակի է եւ անհրաժեշտ է արագ բարեփոխումներ իրականացնել: Միացեալ Նահանգները նոյնպէս պէտք է Հայաստանին աշխոյժ աջակցութիւն ցուցաբերէ, համոզուած է Կանչելեան-Սփիրը.

«Մենք պէտք է շարունակենք աջակցիլ Հայաստանի առաջընթացին, օգնել կառավարութեան եւ հայ խորհրդարանականներուն»:

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսէն ներս Հայաստանի խորհրդարանականներուն աջակցութեան լայն ծրագիրներ ունին, լսումներու ընթացքին նշած է Քոնկրէսի հայ-ամերիկեան բարեկամութեան խումբի համանախագահ քոնկրէսական Ֆրանք Փալոնը.

«Յոյս ունիմ, որ թէ Հելսինքեան կոմիտէի եւ թէ մեր խումբի ջանքերով հնարաւոր կ’ըլլայ Հայաստանին աջակցութիւն ցուցաբերել, զարգացնել արդէն իսկ արձանագրուած հայ-ամերիկեան ռազմավարական երկխօսութիւնը եւ խթանել ժողովրդավարութեան ամրապնդման»:

Լսումներուն հրաւիրուած «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Համազասպ Դանիէլեանի խօսքով, Հայաստանի իշխանութիւնները պատրանք չունին եւ կը գիտակցին երկրի զարգացման ճանապարհի բոլոր դժուարութիւնները.

«Սակայն, մենք կը գիտակցինք նաեւ, որ մեր սերունդի համար սա վերջին հնարաւորութիւնն է իրականացնել Հայաստանի մէջ ամուր ժողովրդավարութիւն կառուցելու կարեւորագոյն առաջադրանքը»:

Դանիէլեանի խօսքով, միայն ժողովրդավար Հայաստանը կրնայ դիմակայել երկրի առջեւ եղած մարտահրաւէրները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment