Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ո՞ւր Կրնայ Հասնիլ Թրամփի Պաշտօնազրկման Գործընթացը

Ո՞ւր Կրնայ Հասնիլ Թրամփի Պաշտօնազրկման Գործընթացը

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տունէն ներս կը շարունակուին նախագահ Տոնալտ Թրամփի պաշտօնազրկման գործընթացները:

Ամիս մը առաջ ի յայտ եկաւ ազդարար մը, որ պաշտօնեայ է Ազգային Ապահովութեան Գործակալութեան համակարգէն ներս: Ան տեղեկանալով Թրամփի եւ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլետեմիր Զելենսքիի միջեւ տեղի ունեցած հեռաձայնային խօսակցութեան մանրամասնութիւններուն, դիմած է իր վերադասներուն՝ մտահոգութիւն յայտնելով, որ նախագահը կը չարաշահէ իր պաշտօնը, իր քաղաքական հակառակորդներուն դէմ հետաքննութիւն ապահովելու համար:

Անանուն ազդարարը չկարողանալով իր պատկանած կառոյցին միջոցաւ արդիւնքի հասնիլ, իր մտահոգութիւնները փոխանցած է Գոնկրէսի Հետախուզական Յանձնախումբին, որու ղեկավարն է Ատամ Շիֆ: Այս տեղեկութեան ի յայտ գալը ստիպեց Սպիտակ Տունը հրապարակելու Թրամփ-Զելենսքի խօսակցութեան բովանդակութիւնը, ուր բացայայտ կը դառնայ որ, Գոնկրէսի կողմէ Ուքրանիոյ յատկացուած 400 միլիոն տոլարի զէնքերու մատակարարումը, Թրամփ կը պայմանաւորէ նախկին փոխ նախագահ եւ աժմ նախագահի թեկնածու Ճօ Պայտընի եւ անոր որդւոյն դէմ հետաքննութեամբ, ինչպէս նաեւ 2016 թուականի ընտրութիւններու հետ կապուած հարցերով:

Ամերիկեան օրէնքներով կ՛արգիլուի քաղաքական հակառակորդներու դէմ օտար երկիրներու օժանդակութեան դիմելը: Գոնկրէսի Դեմոկրատ մեծամասնութիւնը Թրամփի այս արարքը նկատելով պաշտօնի չարաշահում, անմիջապէս նախաձեռնեց նախագահի պաշտօնազրկման գործընթացին: Այժմ այս ուղղութեամբ տեղի կ՛ունենայ վկաներու հարցաքննութիւն: Կը սպասուի որ, առաւելագոյնը մէկ ամսուայ ընթացքին Ներկայացուցիչներու Տունը քուէարկէ Թրամփի պաշտօնազրկման որոշումը, որ առաջին քայլն է նախագահը պաշտօնէն հեռացնելու ուղղութեամբ: Վերջնական որոշումը կը պատկանի Ծերակոյտին, ուր տեղի կ՛ունենայ հրապարակային դատավարութիւն: Նախագահը պաշտօնէն հանելու համար կը պահանջուի Ծերակոյտի 100 անդամներէն երկու երրորդի հաւանութիւնը: Այսօրուայ դրութեամբ Ծերակոյտէն ներս դրական որոշումը կը նկատուի խիստ անհաւանական, նկատի ունենալով որ Գոնկրէսի այդ պալատէն ներս մեծամասնութիւն կը կազմեն Թրամփի Հանրապետական կուսակիցները:

Նախագահ Թրամփ բնականաբար կը մերժէ իր դէմ եղած մեղադրանքները, զանոնք նկատելով իր նախագահութիւնը կործանելու արշաւին մէկ օղակը՝ շղթայազերծուած քաղաքական հակառակորդներուն եւ պետական համակարգին մէջ գործող որոշ ուժերուն կողմէ:

Ինչ որ ալ ըլլան Թրամփի արդարացումները, այս կացութեան գլխաւոր պատասխանատուն կը մնայ միայն ինք, որ չկարողացաւ յարմարիլ ու գործել նախագահի պաշտօնի պահանջներուն համապատասխան: Այդ պատճառաւ անոր պաշտօնավարման 34 ամիսները նշանաւորուեցան ներքին ու արտաքին սայթաքումներով եւ սկանտալներով:

Հանրային կարծիքի վերջին հարցախոյզներուն համաձայն, Ամերիկացի ժողովուրդի 52 տոկոսը կողմ է Թրամփ պաշտօնէն հեռացումին: Այդ հեռացումը կրնայ չապահովուիլ Գոնկրէսի կողմէ պաշտօնազրկումի գործընթացով, սակայն այն պէտք է իրականանայ 2020-ի նախագահական ընտրութիւններով, որպէսզի Ամերիկան ունենայ պաշտօնին համապատասխան կերպարով ու կարողութիւններով օժտուած նախագահ մը՝ անկախ թէ, որ կուսակցութեան կը պատկանի ան:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment