Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պէքճեանը Պիտի Չառաջադրուի Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Ընտրութիւններուն

Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պէքճեանը Պիտի Չառաջադրուի Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Ընտրութիւններուն

by MassisPost

Պոլսոյ Հայոց 85-րդ պատրիարքի թեկնածուներէն մէկը համարուող Գերմանիոյ թեմի նախկին առաջնորդ Գարեգին արքեպիսկոպոս Պէքճեանը պիտի չառաջադրուի Դեկտեմբերին կայանալիք պատրիարքական ընտրութիւններուն: Այս մասին Պէքճեան սրբազանը յայտնած է նախօրէին պատրիարքարան ուղարկած նամակով:

«Ներկայ պայմաններուն, երբ խախտուած են շուրջ 10 սրբազան եպիսկոպոսներու իրաւունքները եւ ջնջուած են անոնց թեկնածու ըլլալու հնարաւորութիւնները, ես յարմար կը նկատեմ, ի զօրակցութիւն անոնց, նոյնպէս չներկայանալ իբրեւ թեկնածու: Ուղեցոյցի սահմանափակումը պատրիարքարանի ապագայի համար վտանգ կը ներկայացնէ», – իր նամակին մէջ նշած է Գարեգին Պէքճեանը՝ միւս երկու թեկնածուներուն յորդորելով եւս չառաջադրուիլ՝ յանուն հաւասարութեան եւ արդարութեան:

Շուրջ մէկ ամիս առաջ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը նոր պատրիարքի ընտրութեան համար պատրիարքարան ուղարկած էր համապատասխան կանոնադրութիւն, որուն համաձայն պատրիարքի թեկնածու կրնան ըլլալ միայն Պոլսոյ պատրիարքական աթոռին ենթակայ եպիսկոպոսները: Այսպիսով, Գարեգին արքեպիսկոպոս Պէքճեանի չառաջադրուելու որոշմամբ պատրիարքի աթոռի համար երկու թեկնածու պիտի պայքարի՝ ներկայիս պատրիարքական տեղապահ Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանն ու Կրօնական ժողովի ատենապետ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment