Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ 2019-ի Երկրորդ Եռամսեակին Գործազրկութիւնը Սկսած Է Նուազիլ. Փաշինեան

2019-ի Երկրորդ Եռամսեակին Գործազրկութիւնը Սկսած Է Նուազիլ. Փաշինեան

by MassisPost

Այս տարուան երկրորդ եռամսեակին գործազուրկներու թիւը կազմած է 207 հազար 200 մարդ՝ նուազելով 29 հազար200-ով: Այս մասին «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ գրառում կատարած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

«Ուրախ եմ արձանագրել, որ 2019 թուականի երկրորդ եռամսեակէն մենք գործազրկութեան էական նուազում ունինք:

«Եթէ 2018-ի երկրորդ եռամսեակին գործազուրկներու թիւը կազմած է 236 հազար 400 մարդ, ապա 2019 թուականի երկրորդ եռամսեակին գործազուրկներու թիւը կազմած է 207 հազար 200 մարդ, նուազելով 29 հազար 200 մարդով:

«Ներկայիս մեր երկրի մէջ գործազրկութիւնը կը կազմէ 17,7 տոկոս, ինչ որ կը նշանակէ, թէ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի հետ համեմատ մեր երկրին մէջ ընդհանուր գործազրկութիւնը նուազած է 2,5 տոկոսով»,- գրած է ՀՀ վարչապետը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment