Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եզիտի Ակթիւիսթ Միրզա Տինային` «Աւրորա» Մրցանակի Դափնեկիր

Եզիտի Ակթիւիսթ Միրզա Տինային` «Աւրորա» Մրցանակի Դափնեկիր

by MassisPost

«Աւրորա» ամէնամեայ մրցանակի չորրորդ դափնեկիր հռչակուած  է «Օդային կամուրջ Իրաք» (Luftbrücke Irak) կազմակերպութեան համահիմնադիր եւ ղեկավար Միրզա Տինային։ Այդ մասին յայտարարուած է Երեւանի մէջ տեղի ունեցած «Աւրորա» ֆորումի հանդիսութեան ժամանակ:

Ազգութեամբ եզիտի ակթիւիսթը մեծարանքի արժանացած է ահաբեկչութեան աւելի քան 1,5 հազար զոհեր փրկելու եւ «Իսլամական պետութեան» կողմէ սեռական բռնութեան ենթարկուած հարիւրաւոր անձանց աջակցելու համար: Միրզա Տինային Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ծաւալող հակամարտութիւններու ընթացքին կրցած է օգնել եզիտի համայնքի ամենախոցելի անդամներուն։

«Միրզա Տինային բացառիկ անհատականութիւն է, քանի որ չէ խլցուցած իր խիղճի ձայնը՝ տեղեկանալով, որ կան անմեղ մարդիկ, որոնք բոլորի կողմէ լքուած են եւ ծանր տառապանքներ կը կրեն։ Մէկ կողմէն՝ անպատմելի չարիքի հետ առերեսուելու ժամանակ, իսկ միւս կողմէ՝ մարդոց օգնել փորձելու ժամանակ, անհատը կրնայ բախուիլ նաեւ մեծ մարտահրաւէրներու ու հիասթափութեան՝ չհաշուած բազում վտանգները, սակայն Միրզա Տինային չէ ընկրկած: Մեծ ոգեւորութեամբ կը շնորհաւորեմ անոր դափնեկիր դառնալու կապակցութեամբ եւ կ’ողջունեմ անոր մուտքը «Աւրորայի» ընտանիք», – յայտարարած է 2017 թուականի «Աւրորա» մրցանակի դափնեկիր եւ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան նախագահ Թոմ Քաթինան։

Որպէս «Աւրորա» մրցանակի դափնեկիր՝ Միրզա Տինային պիտի ստանայ 1 միլիոն տոլարի պարգեւ, որով անհնարաւորութիւն պիտի ունենայ շարունակելու մարդասիրութեան շղթան՝ աջակցութիւն ցուցաբերելով ժամանակին զինք ոգեշնչած կազմակերպութիւններուն։ Ան ընտրած է երեք կազմակերպութիւն, որոնք բժշկական օգնութիւն եւ վերականգնողական ծառայութիւններ կը տրամադրեն «Իսլամական պետութեան» կողմէ ահաբեկչութենէ տուժածներուն։ Այդ կազմակերպութիւններն են՝ «Լիւֆթպրիւքէ Իրաք» կազմակերպութիւնը («Օդային կամուրջ Իրաք»), «ՍԻՏ» հիմանդրամը (SEED Foundation) եւ «Շայ» հիմնադրամը (Shai Fund):

Հանդիսութեան ելոյթ ունեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ մասնաւորապէս ըսելով․ – «Պարոն Տինայի, մենք երախտապարտ ենք Ձեզ: Այն, ինչ Դուք անում էք Իրաքում մեր բարեկամ եզտի ժողովրդի համար, մեզ յիրաւի յիշեցնում է մէկ դար առաջ՝ Հայոց ցեղասպանութեան տարիներին արեւմտեան միսիոներների եւ առանձին անհատների գործունէութիւնը, որի շնորհիւ հնարաւոր եղաւ հազարաւոր հայերի կեանք փրկել: Հայաստանի եզտի համայնքի անունից եւս մեր երախտագիտութիւնն եմ յայտնում Ձեզ»:

«Դժբախտաբար, Մերձաւոր Արեւելքի շատ ժողովուրդներ վերջին տարիներին անցնում  են մեծ դժուարութիւնների միջով՝ յաճախ յայտնուելով ողբերգական իրադարձութիւնների յորձանուտում: Ցաւօք, մինչեւ այսօր խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը վերջնական չեն յաղթանակել այդ տարածաշրջանում: Սակայն Ձեր եւ Ձեր նման անձնուրաց մարդկանց գործունէութիւնը լաւատեսութեան եւ տարածաշրջանում կայուն ապագայի յոյս է ներշնչում: Մաղթում եմ Ձեզ ուժ եւ եռանդ՝ Ձեր կարեւոր մարդասիրական առաքելութիւնը շարունակելու համար», – յայտարարած է Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարը:

«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը մեծարման արժանացուցած է նաեւ 2019-ի «Աւրորա» մրցանակի միւս երկու հերոսները` եմէնցի իրաւապաշտպան եւ ակթիւիսթ Հուտա ալ-Սարարին եւ Նիճերիայի Future Prowess իսլամական հիմնադրամ կազմակերպութեան հիմնադիր եւ տնօրէն Զանա Պուքար Մուսթաֆան, ինչպէս նաեւ անոնց տրամադրած է 50 հազարական տոլարի պարգեւ:

«Աւրորա» մրցանակի շնորհման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Հոկտեմբեր 14-էն մինչև 21 Հայաստանի մէջ կայացած «Աւրորա» ֆորումի շրգածիրէն ներս:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment