Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Բոլոր Նախադրեալները Յստակ Եղած Են 2016-ին Որ Հակառակորդը Կը Պատրաստուեր Յարձակման. Անդրանիկ Քոչարեան

Բոլոր Նախադրեալները Յստակ Եղած Են 2016-ին Որ Հակառակորդը Կը Պատրաստուեր Յարձակման. Անդրանիկ Քոչարեան

by MassisPost

Ազգային ժողովէն ներս աւարտած է 2016 թուականի ապրիլին ծաւալուած ռազմական գործողութիւններու հանգամանքները ուսումնասիրող քննիչ յանձնաժողովի նիստը, այն տեւած է 3 ժամէն աւելի։

Պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեանը նիստէն ետք լրագրողներուն որոշ մանրամասներ ներկայացուցած է։

Լրագրողի հարցին, թէ յայտնի՞ եղած է, որ յարձակում պիտի ըլլայ Ապրիլ 1-ի լոյս 2-ի գիշերը, Անդրանիկ Քոչարեանը ըսած է․

«Բոլոր նախադրեալները եղել են, որ հակառակորդը պատրաստւում է հարձակման»։

Դիտարկման, թէ յարձակումը անակնկալ չէ՞ եղած, ան ըսած է, որ հարցին այս փուլին ամբողջական պատասխան տալ չի կրնար։ Թերացումներ եղա՞ծ են, թէ՞ ոչ, քննիչ յանձնաժողովը այդ հարցի պատասխանը կու տայ աշխատանքներու վերջնական փուլին։

Անդրանիկ Քոչարեանը ըսած է, որ յանձնաժողովին մէջ Արշակ Կարապետեանին հարց ուղղուած է, թէ իրեն Ապրիլեան պատերազմէն ետք պաշտօնէն ազատելը իր թերացումներու հե՞տ կապուած եղած է։

«Ինչո՞ւ են ազատել, եւ յետոյ նշանակել է նոյն մարդը, որը ազատել է, դա Սերժ Սարգսեանն է եղել, ինչո՞ւ էիր ազատում, եթէ յետոյ պէտք է նշանակես։ Ինքը չգիտէր դրա պատասխանը, բայց ինքը յուշեց, երբ որ կը գան այլ պաշտօնեաններ, խնդրում եմ այդ հարցը իրենց տուէք, որովհետեւ իր համար էլ պարզ չէր թէ՛ ազատումը, թէ՛ նշանակումը»,- ըսած է Անդրանիկ Քոչարեանը։

Անդրանիկ Քոչարեանը նաեւ ըսած է, որ Սերժ Սարգսեանը նոյնպէս պիտի հրաւիրուի յանձնաժողով, եւ անոր պիտի տրուի ամենակարեւոր հարցը․ իսկ թէ ի՞նչ է ամենակարեւոր հարցը, Անդրանիկ Քոչարեանը չէ մեկնաբանած։ Հարցը պիտի բարձրաձայնէ այն ժամանակ, երբ որ հրաւիրուի Սերժ Սարգսեանը։

Ի դէպ, ան բացառած է, որ Սերժ Սարգսեանը կը հրաժարի գալ 2016 թուականի ապրիլին ծաւալուած ռազմական գործողութիւններու հանգամանքները ուսումնասիրող քննիչ յանձնաժողով։

«Ուզում էք ասել՝ պէտք է փախչի Միքայէլ Յարութիւնեանի մօ՞տ։ Ինչպէ՞ս կարելի է ապրիլեան քննիչ յանձնաժողովին չարձագանգել, դա նշանակում է քաղաքական ինքնասպանութիւն, եթէ իրենք քաղաքական հեռանկար տեսնում են իրենց կեանքում, բա այս հարցերի պատասխան ո՞վ պէտք է տայ»,- ըսած է ան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment