Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Կոթողային Հրատարակութիւն մը «Պատմութիւն Իսթանպուլահայ Ուսումնական Կեանքի եւ Կրթական Հաստատութիւններու»

Կոթողային Հրատարակութիւն մը «Պատմութիւն Իսթանպուլահայ Ուսումնական Կեանքի եւ Կրթական Հաստատութիւններու»

by MassisPost

Անցեալ Երեքշաբթի, 8 Հոկտեմբեր, 2019 Լոս Անճելոսի Ս. Ղեւոնդեանց եկեղեցւոյ մայր սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նախկին պոլսահայ՝ պատմագէտ եւ ազգային նիւթերու մասնագէտ Գէորգ Պ. Յակոբեանի «Պատմութիւն Իսթանպուլահայ Ուսումնական Կեանքի եւ Կրթական հաստատութիւններու» հատորի շնորհանդէսը, հովանաւորութեամբ ԱՄն-ի Արեւմտեան թեմի բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի:

Ընտրանի հասարակութեան մէջ կը նշմարուէին գաղութիս հայկական տարբեր կազմակերպութեանց եւ մամուլի ներկայացուցիչներ, պոլսահայեր, հայրենի հիւրեր, կրթասէր ու մշակութասէր հասարակութիւն մը:

Օրուան հանդիսավարն էր բանասէր Դոկտ. Նորայր Պօղոսեան: Ան ձեռնհասօրէն վարելով սոյն միջոցառումը՝ հանգամանաւոր կերպով ներկայացուց Գէորգ Պ. Յակոբեանն ու անոր հեղինակած 800 էջերէ բաղկացած կոթողային գործը «Պատմութիւն Իսթանպուլահայ Ուսումնական Կեանքի եւ Կրթական Հաստատութիւններու» գիրքը:

Վերոյիշեալ գիրքը ներկաներուն ծանօթացնելու համար խօսք առաւ ծանօթ մանկավարժ եւ «Նոր Օր» շաբաթաթերթի խմբագիր՝ Հրաչ Սէփէթճեան: Յարգելի բանախօսը համապարփակ ձեւով ներկայացուց Գէորգ Պ. Յակոբեանի խիստ շահեկան աշխատասիրութիւնը «Պատմութիւն Իսթանպուլահայ Ուսումնական Կեանքի եւ Կրթական հաստատութիւններու» մեծածաւալ հատորը՝ Արդարեւ, հեղինակը շուրջ 30 տարի տքնաջանօրէն աշխատած է սոյն ծաւալուն գործի պարտրաստութեան համար: Այս հատորին մէջ հարուստ տուեալներ կան Օսմանեան շրջանի Պոլսոյ եւ գաւառներու կրթական կեանքին մասին: Նկատի առած է նաեւ Հայոց Պատարիարքութեան հիմնադրութենէն ետք եւ յատկապէս 1853էն սկսեալ բոլոր թաղերու մէջ հաստատուած դորոցներու իրավիճակը: 1864-ին ունեցած ենք 46 դպրոց Պոլսոյ մէջ:

Ա. Համաշխարհային պատերազմի վաղորդայնին եւ հանրապետութեան շրջանին գործած են 25 որբանոցներ£ Հայ վարժարաններու թուրք ուսուցիչները կը վարձատրուին պետութեան կողմէ: Գիրքին մէջ յատուկ տեղեկութիւններ կան պատրիարքարանի, այլ կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ ազգային տարբեր հաստատութիւններու օգտաշատ գործունէութեան մասին, որոնք համեմուած են վիճակագրական հարուստ տուեալներով:

Անդրադառնալով պոլսահայ գաղութի ներկայ իրավիճակի մասին՝ 1980ի յեղափոխութենէն ետք հայերն սկսան գաղթել դէպի արտասահման: Ներկայիս կը գործեն 16 դպրոցներ, Գարակէօզեան որբանոցը եւ ազգային տարբեր հիմնարկներ:

Յարգելի բանախօսը շուրջ կէս ժամուան ընթացքին կրցաւ խտացեալ եւ համապարփակ գաղափար մը տալ Գ. Յակոբեանի ծաւալուն գիրքին մասին, մեծ բաւարարութիւն տալով ներկաներուն:

Օրուան գեղարուեստական յայտագրի միակ աստղն էր պոլսահայ շնորհալի ասմունքող Սիլվա Կոմիկեան: Ան իւրայատուկ մեկնաբանութեամբ արտասանեց Զահրատի, Ռոպեր Հատտէճեանի, Սիլվա Կապուտիկեանի եւ Վահան Թէքէեանի գործերէն հատընտիր հատուածներ:

Գէորգ Պ. Յակոբեան խօսք առնելով իր շնորհակալութիւնները յայտնեց սոյն միջոցառումը կազմակերպողներուն եւ ելոյթ ունեցողներուն: Իսկ իր գիրքին մասին արտայայտուելով ըսաւ. «…Բացառաբար օգտագործեցի Օսմանեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետական շրջաններու արխիւները, մասնաւորաբար՝ հայ վարժարաններու յատուկ փաստաթուղթերը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment