Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Մինսքի Խումբի Համանախագահները Ժամանած Են Երեւան

Մինսքի Խումբի Համանախագահները Ժամանած Են Երեւան

by MassisPost

Երեւան ժամանած ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփովը, Էնտրիւ Շոֆերը, Ստեֆան Վիսքոնթին եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփշիկը ընդունած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

Վարչապետը եւ համանախագահները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին վերաբերող հարցեր: Կողմերու միջեւ վստահութեան ամրապնդման ծիրէն ներս ընդգծուած է հրադադարի ռեժիմի ամրապնդման ուղղութեամբ քայլերու ձեռնարկման կարեւորութիւնը:

Անդրադարձ եղած է ժողովուրդները խաղաղութեան նախապատրաստման անհրաժեշտութեան եւ անոր ուղղուած քայլերուն, ըսուած է Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Նախօրէին Մինսքի խումբի համանախագահները ընդունած է արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment