Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ Թուրքիոյ կողմէ իրականցուող ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակի կապակցութեամբ Դամասկոսի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը եւ Հալէպի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութիւնը կ’աշխատին արտակարգ ռեժիմով:
Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատունը Ֆէյսպուքի իր էջին մէջ նշած է, որ ՀՀ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները մշտական կապ կը պահպանեն Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքի եւ հիւսիսային այլ շրջաններու համայնքային կառոյցներու հետ:
«Մենք հետեւում ենք իրադարձութիւնների զարգացմանը: Դամասկոսի եւ Հալէպի հայ առաջնորդարանների հետ համատեղ մշակւում են հնարաւոր քայլեր Սիրիայի հիւսիսից տեղափոխուելու ցանկութիւն յայտնած մեր հայրենակիցներին ժամանակաւոր կացարաններով ապահովելու եւ ըստ անհրաժեշտութեան առաջին օգնութիւն տրամադրելու ուղղութեամբ: Անմիջականօրէն ռազմական գործողութիւնների տարածքում գտնուող Թել Ապիատ քաղաքից տասնեակից աւելի հայ ընտանիքներ արդէն իսկ ինքնուրոյն լքել են իրենց բնակութեան վայրը եւ տեղափոխուել աւելի ապահով շրջաններ՝ Հալէպ եւ Հասաքէ: Ներկայ դրութեամբ մեր հայրենակիցների անյապաղ տարհանման խնդիր դրուած չէ: Ըստ մեր տեղեկութիւնների, Սիրիայի հիւսիսային շրջաններում հայերի թիւը կազմում է շուրջ 3000 մարդ»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: