Home ՍՓԻՒՌՔ Իսրայէլի Մէջ Պիտի Տեղադրուի Յուշարձան՝ Ի Յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան

Իսրայէլի Մէջ Պիտի Տեղադրուի Յուշարձան՝ Ի Յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան

by MassisPost

Իսրայէլի մէջ պիտի տեղադրուի Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած յուշարձան: «Արմէնբրես»ի հաղորդմամբ, այս մասին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ նշած է «Հայաստան-Իսրայէլ» միջազգային հասարակական ֆորումի համանախագահ դոկտոր Ալեքսանտր Ցինքըրը:

«Թոյլտւութիւն ստացուած է, համապատասխան մաքեթը մշակուած է, եւ մենք հիմա սկսած ենք դրամահաւաք Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած յուշարձանի ստեղծման, բացման համար: Այն նախատեսուած է տեղադրել Իսրայէլի Փեթախ Թիքվա քաղաքին մէջ: Այնտեղ քաղաքապետ փոխուած է, կը կարծէինք, թէ խնդիրներ կ’ըլլան, սակայն, փառք Աստուծոյ, բոլոր հարցերը կարգաւորուած են»,-ըսած է Ալեքսանտր Ցինքըրը:

Որոշում կայացուած է յուշարձանը պատրաստել Հայաստանի մէջ, այնուհետեւ տեղափոխել Իսրայէլ:

Ալեքսանտր Ցինքըրը նշած է, որ մէկ այլ ուղղութեամբ եւս կը նախատեսեն աշխատանք տանիլ: Փեթախ Թիքվայի նախկին քաղաքապետի եւ Գիւմրիի քաղաքապետի միջեւ եղած է նամակագրութիւն քոյր քաղաքներ դարձնելու մասին: Փեթախ Թիքվայի նոր քաղաքապետը եւս համաձայն է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment