Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան-Ռուսաստան Ռազմավարական Կապերը Աշխոյժ Կերպով Կը Զարգանան

Հայաստան-Ռուսաստան Ռազմավարական Կապերը Աշխոյժ Կերպով Կը Զարգանան

by MassisPost

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը փայլուն գնահատած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպումը: Այս մասին ՀՀ վարչապետը գրառում կատարած է «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին:

«Փայլուն զրոյց ունեցանք ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Մեր ռազմավարական յարաբերութիւնները աշխոյժ զարգացում կ’ապրին»,- «Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ՝ նշած է Նիկոլ Փաշինեանը:

Հանդիպումը կայացած է Հոկտեմբեր 1-ին Երեւանի մէջ՝ Եւրասիական տնտեսական Բարձրագոյն խորհուրդի նիստէն ետք:

Նիկոլ Փաշինեանը եւ Վլատիմիր Փութինը ըսած են, որ Բարձրագոյն խորհուրդի նիստին կարեւոր արդիւնքներ արձանագրուած են:

«Յարգելի Վլատիմիր Վլատիմիրովիչ, ուրախ եմ Ձեզ ողջունել Հայաստանում եւ քննարկել Ձեզ հետ օրակարգային հարցեր: Մեր նախագահութիւնը ԵԱՏՄ-ում համարում եմ իսկապէս յաջողած: Համոզուած եմ, որ կ’արձանագրենք նոր արդիւնքներ»,- ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինը պատասխանած է.

«Մեր յարաբերութիւններու մարտավարութիւնը ամրապնդուած է ոչ միայն վերջին տարիներու, տասնամեակներու ընթացքին, այլեւ մեր ժողովուրդներու բազմադարեայ պատմութեամբ: Կը շնորհաւորեմ ձեզ որպէս ԵԱՏՄ նախագահ Երեւանի մէջ կայացած գագաթնաժողովի արդիւնքներու համար, անոնք լաւ էին ե՛ւ մեր ու 3-րդ երկիրներու գործընկերներու հետ կապերու զարգացման տեսակէտէ, եւ, ինչպէս Դուք ըսիք, ոչ պակաս կարեւոր էր, թերեւս՝ աւելի կարեւոր, որ ոչ մէկ խոչընդոտ չեղաւ այս միութեան աշխատանքներու կազմակերպման մէջ, ընդհակառակը՝ ձեռք բերուեցան բոլոր համաձայնութիւնները միութեան երկիրներու միջեւ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment