Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Նոր Գիրքեր – «Սփիւռքահայ Կեանքեր Ինչպէս որ Տեսայ» Հեղինակ Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան

Նոր Գիրքեր – «Սփիւռքահայ Կեանքեր Ինչպէս որ Տեսայ» Հեղինակ Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան

by MassisPost

Յիշարժան շնորհանդէս մըն էր որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 16 Օգոստոս 2019, երեկոյեան ժամը 7:30ին Փասատինայի Հայ Կիլիկիա Աւետարանական Եկեղեցւոյ Տէրեան սրահին մէջ: Եղածը գրական երեկոյ մըն էր, այլապէս շնորհանդէս մը, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ սփիւռքահայ ծանօթ մտաւորական, գրող եւ հասարակական գործիչ՝ Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի նոր հրատարակած «Սփիւռքահայ կեանքեր ինչպէս որ տեսայ» հատորը:

Լոս Անճելոս գաւառի տարբեր շրջաններէն ժամանած ընտրանի հասարակութեան մը առջեւ բացման խօսքով ներկաներուն ողջունեց եկեղեցւոյ ժրաջան հովիւ՝ Պատուելի Սերոբ Մկրտիչեան: Ապա Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեանի օրհնութեան աղօթքով ընթացք առաւ յայտագիրը:

Իր հերթին Կիլիկիա եկեղեցւոյ վարչութեան ատենապետ Արա Ասիլեան, իր ելոյթին մէջ բարձր գնահատեց յօբելեարին արժանիքները եւ դրուատանքով արտայայտուեցաւ հայ գիրին ու հասարակութեան բերած իր օգտաշատ ծառայութեան մասին:

Օրուան առաջին խօսք առնողն էր Սարգիս Մահսէրէճեան: Ան դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի սոյն աշխատասիրութեան մասին շատ ամփոփ կերպով արյայայտուելով, զայն նմանցուց համանուագի մը: Յատկանշական նկատեց հեղինակի մօտ առկայ եղող հասարակաց գիծ մը, որ բնորոշիչ յատկութիւն մըն է, ուր դրսեւորուած կը տեսնենք եւ իրարու ագուցուած հայ քրիստոնեայի կերպարը:

Երկրորդ ելոյթ ունեցողն էր Յովսէփ Նալպանտեան: Ան նախ ներկայացուց միւս երկու զեկուցաբերներու ամփոփ կենսագրականները, նաեւ ինքզինք՝ որպէս 22 գիրքերու հեղինակ: Իսկ «Սփիւռահայ կեանքեր ինչպէս որ տեսայ» հատորի մասին անդրադառնալով նշեց որ Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան որակաւոր յօդուածներու հեղինակ է ու անաչառ հրապարակագիր մը, որ իր շահեկան յօդուածներով կ՛ոգեւորէ իր ընթերցողները:

«Սփիւռքահայ կեանքեր ինչպէս որ տեսայ» 552 էջերէ բաղկացած գիրքի մասին որակեալ ուսումնասիրութեամբ մը, հանդէս եկաւ Հրաչ Սեփեթճեան: Ան Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի անձին մէջ կը տեսնէ ժամանակակից այն հայը, որուն սիրտը կը տրոփէ միջազգայինով բայց զայն կը կապէ ազգայինին հետ: Աշխատասէր եւ արդիւնաւէտ գրող մըն է որ կը հաւատայ այն բանին որ կը գրէ:

Հրաչ Սեփեթճեան շահեկան մէջբերումներ կատարելով այս նոր հրատարակութենէն, ներկաները աւելի մօտէն ծանօթացան հեղինակի սփիւռքահայ տարբեր գաղթօճախներուն տուած այցելութիւններէն կրած տպաւորութիւններուն մասին:

Այս կապակցութեամբ ուշագրաւ էին իր եւ ուրիշներու մտորումները հայապահպանութեան, հայ դատի եւ հայրենիքի-սփիւռք փոխ-յարաբերութիւններուն ցեղասպանութեան եւ յարակից այլ այժմէական հարցերու մասին:

Իր սրտի խօսքին մէջ Գաբրիէլ Մոլոյեան դրուատեց Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի բացառիկ ունակութիւնները որպէս աշխարհի չորս ծագերը ուղեւորութիւններ կատարող անձ, որ հետաքրքրական պատումներով, լուսարձակի տակ առած է հայ կեանքի տարբեր երեւոյթները: Աւարտին՝ մաղթեց քաջառողջ, երկար եւ բեղմնաւոր տարիներ«, դալար գրիչ ու նորանոր յաջողութիւններ:

Երեկոյի գեղարուեստական բաժնի միակ մասնակիցն էր շնորհալի դաշնակահարուհի եւ երգչուհի Արենի Աղպապեանը, որ իր ազգային եւ միջազգային երգ ու նուագի ներդաշնակ կատարումով տպաւորեց ներկաները:

Վերջին խօսք առնողն էր հեղինակը՝ Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան: Ան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց երեկոյթի մկազմակերպիչներուն եւ յայտագրի մասնակիցներուն: Միեւնոյն ատեն հետաքրքրական դրուագներ պատմեց իր կեանքի փորձառութենէն ու հանդիպումներէն: Ան անցնող 40 տարիներու ընթացքին որպէս Ս. Գիրքի Միջին Արեւելքի ընկերակցութեան տնօրէն իր այցելած վայրերուն մէջ ամէն ջանք թափած է հայեր տեսնելու եւ իրազեկ դառնալու անոնց ապրելակերպին:

Շնորհանդէսէն ետք տեղի ունեցաւ գիրքի մակագրութիւն եւ հիւրասիորւթիւն:

Գ. Մ.

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment