Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Ընկեր Սեպուհ Գաբրիէլեանի Մահը

Ընկեր Սեպուհ Գաբրիէլեանի Մահը

by MassisPost

ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմինը խոր ցաւով կը գուժէ իր կազմի անդամ` Ընկեր Սեպուհ Գաբրիէլեանի մահը, որ պատահեցաւ Օգոստոս 23-ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան:

Ընկեր Գաբրիէլեան Հալէպէն մինչեւ Լոս Անճելըս ունեցած է կուսակցական եւ հասարակական  բեղուն գործունէութիւն, ինչպէս նաեւ ծառայած է ՀՄՄ-ի մեծ ընտանիքէն ներս:

Այս տխուր առթիւ մեր խորազգաց  ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալ ընկերոջ այրիին` Սոնային, զաւակներուն, ընտանեկան համայն պարագաներուն եւ մեր բոլոր ընկեր-ընկերուհիներուն:

ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմին

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment