Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Իրանի Հետ Համագործակցութիւնը Հայաստանին Օգուտ Չի Բերեր». Վերլուծաբան

«Իրանի Հետ Համագործակցութիւնը Հայաստանին Օգուտ Չի Բերեր». Վերլուծաբան

by MassisPost

Իրանի հետ համագործակցութիւնը ներկայ պայմաններուն, երբ Իրանը կը փորձէ սրել Արեւմուտքի հետ հակասութիւնները, իսկ Միացեալ Նահանգները կ’աւելցնէ ճնշումը Թեհրանի վրայ, Հայաստանին որեւէ օգուտ չի բերեր: «Ամերիկայի Ձայն»-ին տուած հարցազրոյցի ժամանակ նշած է Մերձաւոր Արեւելքի քաղաքականութեան Ուաշինկթընի հիմնարկի վերլուծաբան Աննա Պորշեւսքայան: Անոր խօսքով, եթէ անցեալին Միացեալ Նահանգները յաճախ աչք կը փակէր այն փաստի վրայ, որ Երեւանը հակառակ Իրանի նկատմամբ ընդունուած պատժամիջոցներու, կը շարունակէ համագործակցիլ Թեհրանի հետ, ապա նախագահ Թրամփի Սպիտակ տունը այս հարցի վերաբերեալ անզիջելի է.

«Երբ Ճոն Պոլթընը Հայաստան այցելած էր, ան որոշակի կտրուկ յայտարարութիւններ ըրաւ, որոնք կ’ազդանշէին փոփոխութիւն քաղաքականութեան մէջ: Ան միանշանակ խօսած է այս հարցի վերաբերեալ ոչ այդքան հանդուրժող ըլլալու վերաբերեալ: Չմոռնանք, Իրանը կ’ապակայունացնէ տարածաշրջանը, կ’աջակցի ահաբեկչութեան: Միաժամանակ, Պոլթընը նշած է, որ փոխարէնը Հայաստանին Միացեալ Նահանգները պատրաստ կ’ըլլայ զէնք վաճառել»:

Անդրադառնալով Թեհրանի ու Ուաշինկթընի միջեւ սրացող հակասութիւններուն, Պորշեւսքայան ընդգծած է, որ այնուամենայնիւ բացայայտ պատերազմ չի կանխատեսեր.

«Իրանը այսօր կը փորձարկէ Միացեալ Նահանգներու եւ Արեւմուտքի ջիղերը: Չեմ կարծեր սակայն, որ Թրամփի վարչակազմը պատերազմ կ’ակնկալէ: Բոլոր քայլերը կը վկայեն, որ Թրամփը նոր գործարքի կընախապատրաստուի»:

Այս շաբաթ յայտնի դարձաւ, որ իրանական նաւթակիրը հեռացաւ Ճիպրալթարէն այն բանէն ետք, երբ տեղի իշխանութիւնները հրաժարեցան բաւարարել ԱՄՆ-ի իշխանութիւններու հարցումը՝ նաւթակիրի գրաւման վերաբերեալ:

Թեհրանը յայտարարած է, որ կը պատրաստուի ռազմանաւեր ուղարկել, որպէսզի ուղեկցի իր նաւթակիրին, որ աւելի քան 2 միլիոն բարել տակառ նաւթ կը տեղափոխէ, 130 միլիոն տոլար արժողութեամբ: Թեհրանի մէջ սակայն կը խուսափին բացայայտել, թէ ուր պիտի ուղեւորուի նաւթակիրը: Աւելի վաղ նաւթակիրը ձերբակալուած էր, քանի որ Ճիպրալթարի իշխանութիւնները հաւատացած էին, որ այն կը նախապատրաստուի նաւթը առաքել Սուրիա, որ արգիլուած է Եւրոմիութեան պատժամիջոցներով: Սակայն, նաւթակիրը ազատեցին՝ Թեհրանէն գրաւոր հաւաստիացում ստանալէ ետք, ուր իրանական կողմը կ’երախաւորէր, որ նաւթակիրը Սուրիա պիտի չուղեւորուի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment