Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Յեղափոխութենէն Ետք Առաջին Անգամ Տեղի Ունեցած են Հաւաքներու Ազատութեան Լրջագոյն Ոտնահարումներ

Յեղափոխութենէն Ետք Առաջին Անգամ Տեղի Ունեցած են Հաւաքներու Ազատութեան Լրջագոյն Ոտնահարումներ

by MassisPost

2018-ի յեղափոխութենէն ետք առաջին անգամ տեղի ունեցած են հաւաքներու ազատութեան լրջագոյն եւ ծաւալուն ոտնահարումներ, տարածուած յայտարարութեան մէջ կը պնդեն շարք մը իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններ:

Յայտարարութեան հեղինակները Բաղրամեան պողոտայի վրայ Ամուլսարի հանքի շահագործման դէմ բողոքի ցոյցի մասնակիցներու նկատմամբ ոստիկաններու գործողութիւնները կ’որակեն «ասֆալթին փռելու միջոցով բիրտ ուժի կիրառում»:

Ոստիկանութեան գործողութիւններու հետեւանքով տուժածներ կային, անոնցմէ մէկը նոյնիսկ տեղափոխուած էր «Գրիգոր Լուսաւորիչ» բժշկական կեդրոն։

Ամուլսարի հանքի շահագործման դէմ տեղի ունեցած ցոյցին ներկայ եղած էր նաեւ իրաւապաշտպան Զառուհի Յովհաննիսեանը: Ան «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ յիշեցուցած է, որ Բաղրամեան 26-ն ու Ազգային ժողովի այգին փակած էին ցուցարարներու համար, եւ վերջիններս, գոհ չըլլալով վարչապետի հետ աւելի վաղ կայացած հանդիպումէն, դուրս եկած են Բաղրամեան պողոտայ. – «Ու ոստիկանութիւնը արդէն իսկ կուտակուած բազմաթիւ ուժերի միջոցով, այդ թւում նաեւ յատուկջոկատայինների, բիրտ կերպով սկսեց ճնշել հաւաքը՝ բերման ենթարկելով քաղաքացիներին: Ինքս երբ տեսայ, թէ կանանց ինչ մեթոտներով են բերման ենթարկում, ինչն արդէն վաղուց փորձում էի մոռանալ եւ չհամեմատել մեր նոր իրավիճակի հետ, իրապէս շոք եմ ապրել»:

Յովհաննիսեանի խօսքով, ինքը փորձած է օգնել քաղաքացիներուն, սակայն  նոյնպէս «ասֆալթին փռուած է». – «Իրականում տարբերակուած մօտեցում է ոստիկանութեան ընդհանրապէս ցանկացած նմանատիպ իրավիճակի հանդէպ, որովհետեւ դուք շատ լաւ գիտէք, որ մի քանի ամիս առաջ նոյն Փաշինեանը կոչ արեց շրջափակել դատարանները: Ոստիկանութիւնն այդտեղ դիտորդի կարգավիճակում էր: Այսինքն, մենք ունենք մի մարմին, որը օրինական կարգը պահպանելու փոխարէն կատարում է հերթական անգամ իշխող վերնախաւի որոշումները եւ նրանց ցուցումներով է գործում»:

Իրազեկ քաղաքացիներու միաւորման համակարգող Դանիէլ Իոաննիսեանին ցոյցերու ընթացքը յիշեցուցած է նախկին իշխանութեան օրօք տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերը. – «Դա բացարձակ անընդունելի է: Ոստիկանութիւնը պէտք է կարողանայ, եթէ ի վերջոյ ունի ինչ-որ օրինական, այդ օրինական նպատակին, օրինակ, Բաղրամեան փողոցը բացելուն ոստիկանութիւնը պէտք է կարողանայ հասնի նուազագոյնս ուժ կիրառելով եւ քաղաքացիների նուազագոյն վնաս հասցընելով»:

Իոաննիսեանի խօսքով, ոստիկանութեան գործողութիւնները ցոյց կու տան մասնագիտական մօտեցումի պակասը. – «Եթէ Հայաստանի ոստիկանութիւնը չի կարողանում մի քանի տասնեակ ցուցարար Բաղրամեան պողոտայից հանի այնպէս, որ ոչ մէկ չընկնի հիւանդանոց, դա լուրջ խնդիր է: Ես չեմ կարծում, որ ոստիկանութիւնը միտումնաւոր ցուցարարների ծեծելու նպատակ է ունեցել, բայց սա յստակ խօսում է ոստիկանութեան փրոֆեսիոնալիզմի լուրջ պակասի մասին»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment