Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կառավարութիւնը Արտօնած է Շահագործել Ամուլսարի Հանքը

Կառավարութիւնը Արտօնած է Շահագործել Ամուլսարի Հանքը

by MassisPost

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, շուրջ 1 ժամ 17 վայրկեան տեւած ֆէյսպուքեան ուղիղ հեռարձակման աւարտին յայտարարած է, որ նպատակայարմար կը համարէ թոյլ տալ շահագործել Ամուլսարի հանքը:

«Մեր կառավարութեան, պետութեան, ժողովուրդի, երկրի շահերից է, որ մենք օրինական, մեր կողմից առաջադրուած պայմանը եւ ժողովրդի վստահութեան քուէն ստացած պայմանը բաւարարենք այսինքն՝ հնարաւորութիւն տանք, որպէսզի Ամուլսարի հանքը շահագործուի», – յայտարարած է Փաշինեանը՝ նշելով, որ այդ եզրակացութեանն հասած է այս պահու դրութեամբ իր մօտ առկայ տեղեկատւութեամբ:

Հեռարձակման ընթացքին ներկայացնելով Ամուլսարի ոսկիի հանքի շուրջ ստեղծուած իրավիճակի ողջ նախապատմութիւնը, իրեն ներկայացուած փաստերը, փորձագիտական գնահատականները եւ յիշեցնելով անցեալին իր ըրած յայտարարութիւնները եւ գնահատականները, Փաշինեանը վստահեցուցած է, որ այս պահու դրութեամբ կառավարութեան ունեցած տեղեկատւութիւնը յստակ է՝ հանքի շահագործումը չի վնասեր Սեւանին եւ Ջերմուկին:

«Եւ ասում եմ՝ չվնասել ասելով նկատի չունենք, որ՝ 10 լիթր ջուր աղտոտուած պէտք է լցուէր Սեւանի մէջ, գոնէ ընենց անենք, որ 1 -1,5 լիթր կամ 20 կրամ լցուի: Ոչ մի լիթր աղտոտուած ջուր: Եւ աղտոտուածութեան բնապահպանական ամենաբարձր չափանիշերով պէտք է աշխատի: Եւ մեր եզրակացութիւնը, մեր ընթացակարգերով եզրակացութիւնը այսպիսին է», – նշած է վարչապետը:

«Եւ եթէ տեսականօրէն ի յայտ կը գայ տեղեկատւութիւն, որը իմ այս գնահատականը գլխիվայր կը շրջի՝ ես ոչ մի բանով կաշկանդուած չեմ», – նաեւ աւելցուցած է Նիկոլ Փաշինեանը:

pashinyan-amulsar-2

Վարչապետը Ամուլսարի հանքի հետ կապուած քննարկում  կայացուցած է
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը քննարկում  հրաւիրած է Ամուլսարի հանքի վերաբերեալ, որուն մասնակցած են Կառավարութեան անդամներ, շահագրգիռ գերատեսչութիւններու ղեկավարներ, Ջերմուկ համայնքի աւագանիի անդամները, Գորայք, Զառիթափ, Ջերմուկ համայնքներու բնակիչները, կրթական եւ առողջարանային հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, բնապահպաններ:

Կառավարութեան ղեկավարը ներկայացուցած է Ամուլսարի հանքի ծրագրի առնչութեամբ յարուցուած քրէական գործի շրջանակէն ներս իրագործուած աշխատանքները, անդրադարձած է միջազգային փորձաքննութեան եզրակացութեան եւ անոր վերլուծութեան: Վարչապետը նշած է, որ նաեւ խորհրդակցած է պետական պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու հետ, որու ընթացքին քննարկուած են Ամուլսարի հանքի ծրագրին առնչուող շարք մը մանրամասներ, եւ խորհրդակցութեան սղագրութիւնը պիտի հրապարակուի օրուայ ընթացքին:

Յաջորդիւ Փաշինեանը պատասխանած է քննարկման մասնակիցներու շարք մը հարցերուն, ըսուած է վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment