Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Կարմիր Խաչը կը Փորձէ Հնարաւորինս Արագ Այցելել Ատրպէյճան Յայտնուած Հայ Զինծառայողին

Կարմիր Խաչը կը Փորձէ Հնարաւորինս Արագ Այցելել Ատրպէյճան Յայտնուած Հայ Զինծառայողին

by MassisPost

Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչները համապատասխան իշխանութիւններու հետ երկխօսութեան մէջ են՝ կապուած Արցախի Պաշտպանութեան բանակի 19-ամեայ զինծառայող Արայիկ Ղազարեանի Ատրպէյճան յայտնուելու դէպքի հետ: Այս մասին չորեքշաբթի առաւօտեան «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ յայտնած է Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի հայաստանեան գրասենեակի հաղորդակցման ծրագրերու ղեկավար Զառա Ամատունին:

«Նպատակն է այցելել անձին հնարաւորինս արագ, որպէսզի, ինչպէս միշտ արւում է տուեալ դէպքերում, ստուգել անձի պահման պայմանները, առողջական վիճակը եւ, հնարաւորութեան դէպքում, ցանկութեան դէպքում կապը ապահովել ընտանիքի անդամների հետ», – նշած է Ամատունին:

«Ազատութեան» հարցին՝ հաւանակա՞ն է, որ յառաջիկային նաեւ հանդիպում ըլլայ անձամբ երիտասարդի հետ, Կարմիր Խաչի գրասենեակի ներկայացուցիչը արձագանգած է․ – «Ամբողջ նպատակը դա է, այցելութիւն երբ որ ասում ենք, խօսքը գնում է ձերբակալուած անձին տեսնելու, անձամբ հանդիպելու եւ ունենալու առանձնազրոյց իր հետ»:

Հարցին ալ՝ տուեալներ ունի՞ն, թէ այս պահուն ինչ վիճակի մէջ կը գտնուի հայ զինուորը, Զառա Ամատունին պատասխանած է․ – «Մենք որեւէ տուեալներ, որոնք հիմա քննարկւում են, դրանք գտնւում են մեր եւ համապատասխան իշխանութիւնների երկխօսութեան շրջանակում, չեմ կարող կիսուել»:

Հայ զինծառայողի կողմէ մարտական դիրքը լքելու վերաբերեալ տեղեկութիւնը ատրպէյճանական լրատուամիջոցները տարածած էին: Աւելի ուշ Պաշտպանութեան բանակէն հաստատած էին, որ Ատրպէյճանի տարածքին յայտնուած զինծառայողը Արայիկ Հայկի Ղազարեանն է, որ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հարաւ-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած պահպանութեան տեղամասէն, դեռ չպարզուած հանգամանքներու մէջ, լքած է մարտական դիրքը:

Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները, յղում կատարելով իրենց պաշտպանութեան նախարարութեան, կը պնդեն, որ զինծառայողը ձերբակալած են Ֆիզուլիի մարտական դիրքի մօտակայքը, եւ որ անոր «դասալքութեան պատճառը եղած է զօրամասին մէջ անմարդկային վերաբերմունքը»:

Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը ատրպէյճանական մամուլին մէջ յայտնուած տեղեկութիւնները քարոզչութիւն որակած է:

Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ յայտնած է, որ «Արցախի իշխանութիւնները ջանքեր են գործադրում ռազմագերի Արայիկ Ղազարեանին հայրենիք վերադարձնելու ուղղութեամբ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment