Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կառավարութիւնը Առաջարկած է Քրէականացնել Բռնութեան Հրապարակային Կոչերն ու Քարոզը

Կառավարութիւնը Առաջարկած է Քրէականացնել Բռնութեան Հրապարակային Կոչերն ու Քարոզը

by MassisPost

Հայաստանի իշխանութիւնները մտադիր են քրէականացնել բռնութիւն գործադրելու հրապարակային կոչերն ու բռնութիւնը հրապարակայնօրէն արդարացնելը կամ քարոզելը։

Արդարադատութեան նախարարութիւնը հանրային քննարկման ներկայացուցած է «Քրէական օրէնսգիրքին մէջ լրացում կատարելու մասին» օրէնքի նախագիծը, որուն մէջ կ’առաջարկուի պատասխանատուութիւն նախատեսել անձի կեանքի կամ առողջութեան համար վտանգաւոր բռնութիւն գործադրելու հրապարակային կոչերու, անձի կեանքի կամ առողջութեան համար վտանգաւոր բռնութիւնը հրապարակայնօրէն արդարացնելու կամ նման բռնութիւն քարոզելու համար։

Պատիժը տուգանքն է նուազագոյն աշխատավարձի հինգհարիւրապատիկէն հազարապատիկի չափով կամ կալանքը` երկուքէն երեք ամիս ժամկէտով, կամ ազատազրկում` առաւելագոյնը երեք տարի ժամկէտով:

«Նախագիծը լիարժէք է, եւ դրա անհրաժեշտութիւնը կար», – ըսած է իրաւապաշտպան Արթուր Սաքունցը եւ միեւնոյն ժամանակ ընդգծած, որ միայն քրէական պատասխանատուութեամբ չէ, որ խնդիրը կրնայ լուծում ստանալ. – «Պէտք է անպայման կրթական, իրազեկման մշակութային լայն աշխատանքներ կատարել: Եւ սա առաջին հերթին վերաբերում է քաղաքային գործիչներին, որոնք իրենց հրապարակային ելոյթներում բռնութիւն պարունակող խօսքեր են թոյլ տալիս, կոչեր են թոյլ տալիս: Կարծում եմ, որ սա բաւական կարեւոր է: Եւ որ քաղաքական գործիչները նոյնպէս գիտակցեն, հրապարակային գործիչները նոյնպէս գիտակցեն իրենց պատասխանատուութիւնը»:

Գործընթացին ներգրաւուելու յանձնարարական ստացած էր նաեւ Գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեանը, որ ընդգծած էր, որ դատախազութիւնը դեռ երկու տարի առաջ մշակած էր նախագիծ, որով կ’առաջարկուէր քրէականացնել յանցագործութիւն կատարելու կոչերը, սակայն Ազգային ժողովը քրէականացուցած էր միայն ահաբեկչութիւն կատարելու կոչերը:

Փաշինեանը յանձնարարած էր այդ ժամանակ իր խորհրդական, այժմ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ Հայաստանի կառավարութեան լիազօր ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեանին սկսած աշխատանքները դատախազի ներկայացուցած նախագիծի ուղղութեամբ:

Կիրակոսեանը «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է, որ Գլխաւոր դատախազութենէն զատ այլ իրաւասու մարմիններ եւս ներգրաւուած եղած են նախագիծի քննարկման։

Անոր խօսքով, այս նախագիծը կու տայ այն խնդիրներու լուծումը, որոնք բարձրաձայնած էր վարչապետը. – «Նաեւ Եւրոպական դատարանի նախադէպային իրաւունքի տրամաբանութեան հաշուի առմամբ է այս նախագիծը գրուել, որովհետեւ, ճիշդ է 10-րդ յօդուածի ներքոյ խօսքի ազատութիւնը պաշտպանւում է Եւրոպական համաձայնութեան շրջանակներում, Եւրոպական դատարանի նախադէպային իրաւունքով, սակայն, ատելութեան խօսքը առանձնացուած է նրանց միջից հենց Եւրոպական դատարանի կողմից, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ այլ միջազգային կազմակերպութիւնների փաստաթղթերում, որոնց շրջանակներում արգելւում է ինքնին ատելութեան խօսքը: Եւ այս նախագիծը միտուած է ատելութեան խօսքի կանխարգելմանը, ատելութեան քարոզի, բռնութեան քարոզի կանխարգելմանը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment