2019 թուականի Յունուար-Յունիս ամիսներուն պաշտօնապէս գրանցուած գործազուրկներու միջին ամսական թուաքանակը նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի նկատմամբ նուազած է 6,4 տոկոսով: Այդ մասին ֆէյսպուքեան իր էջին գրած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։
Վարչապետը նաեւ նշած է, որ 2019 թուականի նոյն ժամանակահատուածին Զինծառայողներու ապահովագրութեան հիմնադրամին (1000 դրամներ) տրամադրուած պարտադիր վճարումները 2018 թուականի Յունուար-Յունիսի ցուցանիշը գերազանցած են 347.8 միլիոն դրամով, կամ 9,6 տոկոսով:
«Աճը վարձու աշխատողների թուաքանակի աւելացման արդիւնք է», – գրած է վարչապետը: