Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ-ը Պատժամիջոցներ Սահմանած է Հայաստանեան Երկու Ընկերութիւններու Նկատմամբ

ԱՄՆ-ը Պատժամիջոցներ Սահմանած է Հայաստանեան Երկու Ընկերութիւններու Նկատմամբ

by MassisPost

ԱՄՆ-ը պատժամիջոցներ սահմանած է հայաստանեան երկու ընկերութիւններու՝ «Մարքել» ՓԲԸ-ի (փակ բաժնետիրական ընկերութեան) եւ Երեւանի կապի միջոցներու գիտահետազօտական հիմնարկի նկատմամբ: Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի նախարարութեան պաշտօնական հաղորդագրութիւնը նշած է, որ վերջինները ներառուած են այն ընկերութիւններու ցանկին մէջ, որոնք, ըստ արժանահաւատ տուեալներու, վտանգ կը ներկայացնեն Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան կամ կը զբաղուին գործունէութեամբ, որ կրնայ հակասել ԱՄՆ շահերուն կամ արտաքին քաղաքականութեան:

«Երեւանի կապի միջոցներու գիտահետազօտական հիմնարկը ապրանքներ ստացած է, որոնք ներառուած են ամերիկեան «Առեւտրային վերահսկողութեան ցուցակին մէջ», եւ վերստին անոնք արտահանած՝ առանց անհրաժեշտ արտօնագրերու: Ընդ որում, այս ընկերութեան գործադիր տնօրէնը կը ղեկավարէ նաեւ սեւ ցուցակին մէջ ներառուած հայաստանեան միւս ընկերութիւնը՝ «Մարքել»-ը», – ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: Ամերիկեան պաշտօնական հաղորդագրութիւնը կը պնդէ, որ «վերջինս կ’աշխատի  իրանական կազմակերպութեան հետ, որ իր հերթին  ամերիկեան պատժամիջոցներու տակ կը գտնուի»:

ԱՄՆի առեւտուրի նախարարութեան պատժամիջոցային ցանկին մէջ կան նաեւ ՌԴ-էն, Վրաստանէն, Պելճիքայէն, Միացեալ Թագաւորութենէն, Գանատայէն, Չինաստանէն, ՀոնկՔոնկէն, Մալայզիայէն, Հոլանտայէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն ընկերութիւններ:

Ամերիկեան իշխանութիւններու կարծիքով՝ այդ ընկերութիւններու գործունէութիւնը կը հակասէ ԱՄՆի ազգային անվտանգութեան ու արտաքին քաղաքականութեան շահերուն:

Սահմանափակումները  պիտի իրագործուին 14 օգոստոսէն սկսեալ:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment