Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հարցազրոյց Տոքթ. Վարդան Թաշճեանի Հետ` «Հայաստանի 5-րդ Բժշկական Միջազգային Համագումար»ի Առթիւ

Հարցազրոյց Տոքթ. Վարդան Թաշճեանի Հետ` «Հայաստանի 5-րդ Բժշկական Միջազգային Համագումար»ի Առթիւ

by MassisPost

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

ԾԱՆՕԹ. Բժիշկ Վարդան Թաշճեան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան: Վկայուած ֆրանսական Սէն Ժօզէֆ համալսարանէն, դարձած է ծանօթ մանկաբոյժ: Երկրին քաղաքացիական պատերազմին հետեւանքով, հաստատուած է Միացեալ Նահանգներ, Գալիֆորնիա, ուր 1989-ին տիրացած է ընդհանուր բժշկութեան եւ վիրաբուժութեան արտօնագրի եւ կը շարունակէ գործել մինչեւ այսօր: Սկիզբէն եւ մօտէն առնչուողներէն եղած է հայ բժիշկներու համաշխարհային գործունէութիւններով: Անցեալ ամիս մասնակցած է Երեւանի մէջ կայացած Բժշկական Միջազգային Համագումարին: Այդ նիւթով, յարգելի տոքթորին հետ ունեցանք հետեւեալ հարցազրոյցը.

ՀԱՐՑ. – Կարելի՞ է, տոքթոր, գաղափար մը տալ բժշկական այս համագումարի մասին:
ՊԱՏ. – Ուրախութեամբ կարելի է ըսել, թէ 45 տարիներէ ի վեր պարբերաբար (չորս կամ երկու տարին անգամ մը) տեղի ունեցող հայ բժիշկներու համաշխարհային եռօրեայ ժողովներու շղթային վերջին, սակայն ոչ վերջնական, փայլուն նոր օղակն էր այս մէկն ալ, որ կը կոչուէր »Հայաստանի 5-րդ բժշկական միջազգային համագումար«:

ՀԱՐՑ. – Ո՞վ էր կազմակերպողը, ե՞րբ եղաւ եւ քանի՞ օր տեւեց:
ՊԱՏ. -Կազմակերպողն էր Կազմկոմիտէն: Նախագահ` Փրոֆ. Արմէն Չարչեան: Համագումարի համանախագահ` Փրոֆ. Գէորգ Եաղճեան:

Անդամներ` Սամուէլ Սահակեան, Արմէն Սողոյեան, Արման Բաբլոյեան, Երուանդ Յակոբեան, Ամալիա Գէորգեան, Համբարձում Սիմոնեան, Մկրտիչ Աւագեան, Քրիստինա Քիւրքճեան, Նարեկ Վանեցեան, Սօսէ Յովհաննիսեան, Եւա Մովսիսեան, Շուշան Դաւթեան, Լիանա Սահակեան, Գեղանոյշ Ստեփանեան, Անահիտ Ասրեան, Ալեքսանդր Բազարճեան, Արայիկ Բաղրեան:

Արտասահմանեան անդամներ` Վիգէն Սեփիլեան, Բագրատ Ալեքեան, Համբար Քայայեան, Անի Հայսերճեան, Դանիէլ Ստամպուլեան, Շանթ Շխրտըմեան, Լէրի Նաճարեան, Թագուհի Մարգարեան:

Համագումարը տեղի ունեցաւ, տեղավայրին եւ կառոյցին յարմարութիւնները նկատի առած, Երեւանի Մէրիոթ Արմենիա պանդոկին մէջ, 2019, Յուլիս 4-6 եւ տեւեց երեք օր:

ՀԱՐՑ. – Քանի՞ հոգի մասնակցած էին:
ՊԱՏ. – Ըստ համագումարի նախագահին, մասնակցողներուն թիւը եղած է շուրջ 1150 հոգի, որոնցմէ շուրջ 100ը զեկուցողներ:

ՀԱՐՑ. – Այս համագումարը լոզունգ մը ունէ՞ր եւ ի՞նչ էր այդ լոզունգը:
ՊԱՏ. –  Համագումարին լոզունգը հետեւեալն էր.__ »Հայաստան-Սփիւռք-Արցախ միաձուլում` ի փառս առողջութեան«:

ՀԱՐՑ. – Ինչո՞ւ:
ՊԱՏ. – Զօրանալու համար միանանք, կ՛ըսենք, ՉԷ՞: Շատ ճիշդ է, եւ ես ալ հետեւեալը ըսած եմ անցեալին.

Անմիաբան, մենք իրարու բեռ կ՛ըլլանք,
Ուշ կամ կանուխ, ուրիշներու կեր կ՛ըլլանք,
Միանալով, մենք իրարու տէր կ՛ըլլանք,
Եւ Մասիսի նման կանգուն լեռ կ՛ըլլանք:

ՀԱՐՑ. – Որո՞նք էին համագումարի օրակարգին հարցերը:

Տոքթ. Վարդան Թաշճեան եւ Արցախի Հանրապետական հիւանդանոցի վարիչ/բժշկապետ` Կարէն Բազէեան

Տոքթ. Վարդան Թաշճեան եւ Արցախի Հանրապետական հիւանդանոցի վարիչ/բժշկապետ` Կարէն Բազէեան

ՊԱՏ. – Օրակարգին հարցերն էին հետեւեալները. – «Համաշխարհային առողջապահութիւն»: «Ուղեղային կաթուած»: «Ախտամերժութիւն» (Immuniology). «Ծինաբանութիւն» (Genetics): «Ուղեղա-երակային հիւանդութիւն», «Ռոպոթիք վիրաբուժութիւն», «Հանրային առողջապահութիւն», «Սրտանօթային վիրաբուժութիւն», «Ջղաբանութիւն եւ ջղաբանական վիրաբուժութիւն», «Արիւնաբանութիւն եւ մանուկներու եւ պատանիներու առողջապահութիւն»: «Ստամոքսա-աղիքային եւ ընտանեկան  բժշկութիւն»: «Բերանի բժշկութիւն»: «Որակաւոր առողջապահութիւն», «Մտային առողջապահութիւն»: «Վերարտադրողական բժշկութիւն»: «Հիւանդապահութիւն»: «Վերականգնողական մորթաբանական եւ սննդաբանական բժշկութիւն»: «Կենսա-թեքնոլոճիի եւ նոր դեղերու սահմանները»: :«Բժշկական ղեկավարութիւն»: «Օրգանական պատուաստում»: «Քաղցկեղաբանութիւն»: «Սրտաբանութիւն»: «Երիկամաքարերու բժշկութիւն»: «HPV-Herpes Papiloma Vaccineներու մասին համաշխարհային փորձառութիւն»: «Հայրենիք-Սփիւռք փոխ-գործակցութիւն»: «Հայաստանի, Սփիւռքի, Արցախի բժշկական կազմակերպութիւններու կողմէ դասախօսութիւններ»: «Փոխանցիկ հիւանդութիւններ. փտախտ, թոքախտ»: «Ներքին հիւանդութիւններ, թոքաբանութիւն, ծերաբանութիւն, »Գեղձաբանութիւն»: «Միզաբանութիւն»: «Հայաստանի Հանրապետութեան բժշկական ընկերակցութիւններու գործունէութիւնները»: «Բժշկական կրթութիւն, առողջապահական օրէնսդրութիւն եւ տնօրինութիւն»: «Ոսկրախտ եւ գեղագիտական վիրաբուժութիւն»: «Առողջապական ֆինանսաւորում եւ ելեկտրոնային առողջապահութիւն»: «Թմրաբանութիւն, ռատիօլոճի եւ ուժգին խնամք»: «Քիթ, կոկորդ, ականջ եւ աչքի բժշկութիւն, դեղագործութիւն»: «Հայաստանի Հանրապետութեան առողջապահութեան զարգացման հեռանկարներ – բազմակողմանի վիճաբանութիւն»: «Համագումարի գործունէութեան ամփոփում»: Փակման արարողութիւն:

ՀԱՐՑ. – Ըստ Ձեր տարիներու փորձառութեան, տոքթոր, ի՞նչ է Ձեր տպաւորութիւնը եւ ունի՞ք թելադրութիւններ այս առթիւ:

Տոքթ. Վարդան Թաշճեան եւ Արցախի Բուժքոյրերու Միութեան նախագահուհի` Լիանա Սահակեան

Տոքթ. Վարդան Թաշճեան եւ Արցախի Բուժքոյրերու Միութեան նախագահուհի` Լիանա Սահակեան

ՊԱՏ. – Ինչպէս կը տեսնէք, բազմաբնոյթ էին արծարծուած նիւթերը այս համագումարին, որուն մէջէն պիտի ուզէի անդրադառնալ յատկապէս երկու ուրախ երեւոյթներու մասին, որոնք ոչ միայն առողջապահական հարցերու, այլ նաեւ համագումարին «միաձուլումի» գաղափարին  հետ կը ներդաշնակուէին սերտօրէն: Առաջինը այդ երեւոյթներէն, բացման հանդիսութեան սկիզբին էր. Հայաստանի յարգարժան վարչապետին խօսքէն եւ Ամենայն Հայոց Վեհափառին կողմէ առաքուած օրհնագիր-պատգամի ընթերցումէն առաջ, համագումարին նախագահը իր ողջոյնի ելոյթով, ի միջի այլոց ակնարկեց «Փանարմէնիէն առողջապահական համակարգ»ի կարեւորութեան: Հասկանալիօրէն, ըսել ուզուածը պարզապէս առողջապահական ոլորտին ծառայող աշխարհացրիւ հայ անդամները ամբողջական մէկ մարմինով համակարգուած տեսնելն է, որպէսզի աւելի հեշտութեամբ լուծումներ գտնուին սպասուած եւ չսպասուած, մարտահրաւէրներուն:

Այսպէսով, ցարդ համագումարէ-համագումար անդամներու միացումը, որ պարբերական է, գնայունէ աւելի կը վերածուի մնայունի, այսինքն շարունակական համագործակցութեան եւ ձեռք կը բերուին նոր նուաճումներ տարբեր բնագաւառներէն ներս, յատկապէս նոր սերունդին շահաբեր գործեր հայթայթող:

Երկրորդ բարի լուրը համագումարի աւարտին էր, երբ յայտարարուեցաւ հետեւեալը.- Հայաստանի յաջորդ` վեցերորդ բժշկական միջազգային համագումարը տեղի կ՛ունենայ 2023-ին Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ, ուր գտնուեցայ Երեւանի համագումարէն յետոյ եւ Հանրապետական հիւանդանոցին մէջ բոյժ-քոյրերուն  դասախօսութիւն մը տուի առողջապահութեան վերաբերեալ:

Ի միջի այլոց, կը յիշեմ, 2013-ին Լոս Անճելըս կայացած հայ բժիշկներու 11-րդ համագումարի ընթացքին, բարեբաստիկ հանդիպում մը ունեցած էի Արցախի այդ օրերու Առողջապահութեան նախարար, բժշկուհի Զոյա Լազարեանի հետ: Այդ առթիւ իրեն ըսած էի, թէ Արցախի մէջ ալ նման համագումար պէտք է ունենանք: «Ինչո՞ւ չէ», պատասխանեց աշխոյժ նախարարուհին:

Ներկայիս, Արցախեան Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի յարգարժան պատգամաւորուհի Զոյա Լազարեանին զրուցելու բարեբախտ առիթը ստեղծուեցաւ ինծի համար, որպէսզի զինք շնորհաւորեմ եւ իրեն մաղթեմ նորանոր յաջողութիւններ:

ՀԱՐՑ. – Տոքթոր, ունի՞ք վերջին խօսք:
ՊԱՏ. – Մաղթանքս է որ Համաշխարհային գիտութիւն ունեցող եւ համաշխարհայնացած հայ ժողովուրդը ունենայ համահայկական բժշկական կայուն  համակարգ:

Խ.Ճ. – Խորին շնորհակալութիւն, Տոքթոր, այս խիստ շահեկան հարցազրոյցին եւ տեղեկութիւններուն համար: Ձեզի եւ այս համագումարին մասնակցող եւ, ինչո՞ւ չէ, այս անգամ չմասնակցող, բայց` ապագային անպայման մասնակցիլ փափաքող եւ լուման ներդրող բժիշկներուն կը մաղթենք ամէն յաջողութիւն եւ նորանոր համագումարներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment