Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ BBC-ն՝ Մարտ 1-ի Մասին․ «Ցուցարարներու Ուղղութեամբ Կրակ Բանալու Գործողութիւնը Ղեկավարած է Արցախի Զօրավար Սամուէլ Կարապետեանը»

BBC-ն՝ Մարտ 1-ի Մասին․ «Ցուցարարներու Ուղղութեամբ Կրակ Բանալու Գործողութիւնը Ղեկավարած է Արցախի Զօրավար Սամուէլ Կարապետեանը»

by MassisPost

General-Samvel-KarapetyanՄարտ 1-ի գործով քննութիւնը կը կարծէ, որ ողբերգական այդ օրը ցուցարարներու ուղղութեամբ կրակ բանալու գործողութիւնը ղեկավարած է Արցախի զօրավար Սամուէլ Կարապետեանը, որ յայտնի է Օգանովսկի մականուամբ, կը հաղորդէ բրիտանական BBC-ն, որ հետաքննութեան նիւթերուն ծանօթանալու բացառիկ հնարաւորութիւն ստացած է: Թէ ինչպէս եւ երբ, լրատուամիջոցը չէ մանրամասնած, սակայն պնդած է, որ ըստ այդ փաստաթուղթերու` Սամուէլ Կարապետեանէն բացի գործին մէջ որպէս առանցքային դերակատարներ հանդէս կու գան նաեւ Հայաստանի նախկին նախագահներ Ռոպերթ Քոչարեանն ու Սերժ Սարգսեանը, ինչպէս նաեւ այդ օրերուն մեծ ազդեցութիւն ունեցող երկու պատգամաւոր-գործարարներ՝ ԲՀԿ առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանն ու ՀՀԿ խմբակցութեան նախկին անդամ Սամուէլ Ալեքսանեանը։

«Այս գործի հետաքննութիւնը հզօր քաղաքական նշանակութիւն ունի եւ կրնայ էականօրէն փոխել քաղաքական ուժերու դասաւորուածութիւնը Հայաստանի մէջ», – կը գրէ BBC-ն, աւելցնելով՝ գործին մէջ առկայ նիւթերը ուսումնասիրելու ժամանակ պարզ կը դառնայ, որ ցուցարարներու ուղղութեամբ կրակ բացած են Ղարաբաղի ուժայինները, որոնց ղեկավարած է զօրավար Սամուէլ Կարապետեանը: Ան կը զբաղեցնէր Ղարաբաղի պաշտպանութեան փոխնախարարի պաշտօնը եւ աշխատանքէն ազատուած է այս տարուան Ապրիլին, այժմ Մարտ 1-ի գործի ծիրէն ներս հանդէս կու գայ որպէս վկայ:

Հարցաքննութեան ժամանակ քննիչները պնդած են, որ Կարապետեանի ջոկատը տեղակայուած եղած է Բաղրամեան պողոտայի՝ նախագահական վարչակազմի շէնքի նկուղին մէջ:

Քննութիւնը կը կարծէ, որ այդ նկուղ՝ ուժայիններուն այցելած են նախկին նախագահներ Ռոպերթ Քոչարեանն ու Սերժ Սարգսեանը:

Քննիչները նաեւ կը ստուգեն երկու ազդեցիկ գործարարներու՝ Գագիկ Ծառուկեանի եւ Սամուէլ Ալեքսանեանի ներգրաւուածութիւնը՝ պարզելու՝ արդեօք անոնք չեն ֆինանսաւորած ղարաբաղցի ուժայիններու կեցութիւնը Երեւանի մէջ ցոյցերը ցրելու օրերուն:

Ընդ որում, BBC-ն կը պնդէ, որ Հայաստանի եւ Ղարաբաղի իրենց աղբիւրները հաստատած են քննիչներու կողմէ կատարուած այս եզրայանգումներուն մէկ մասը: Հեղինակաւոր լրատուամիջոցը միաժամանակ ընդգծած է՝ չէ կրցած անկախ հաւաստումներ ստանալ ցուցարարներու սպանութեան բոլոր հանգամանքներուն վերաբերեալ:

march1-events-yerevan-armenia

«20-
հոգինոց յատուկ խումբ՝ նախագահականի նկուղին մէջ»
Զօրավար Սամուէլ Կարապետեանը հարցաքննուած է անցեալ տարուան Օգոստոս 15-ին որպէս վկայ, հարցաքննութիւնը շարունակուած է չորս ժամ, նշած է BBC-ն` պնդելով, թէ իր տրամադրութեան տակ է այդ հարցաքննութեան արձանագրութեան կրկնօրինակը: Զօրավարը հաստատած է, որ ինք ղեկավարած է Ղարաբաղէն Երեւան տեղափոխուած ստորաբաժանումները, սակայն շարունակութեան վերաբերեալ Յատուկ քննչական ծառայութեան ու զօրավարի վարկածները տարբերուած են: Քննիչները, մասնաւորապէս, պնդած են, որ Սամուէլ Կարապետեանը՝ Օգանովսկին, իր ենթականերէն 20-հոգինոց յատուկ խումբ ձեւաւորած է, որ տեղակայուած եղած է նախագահական նստավայրի նկուղին մէջ, խումբի բոլոր անդամները հաւաստիացուցած են, որ հրամանի պարագային պատրաստ են կրակելու «ժողովուրդի ուղղութեամբ», ինչն ալ ըրած են Մարտ 1-ին: Զօրավար Սամուէլ Կարապետեանը, մինչդեռ, հարցաքննութեան ժամանակ հերքած է այս մեղադրանքները եւ պնդած է, որ «ժողովուրդի ուղղութեամբ կրակելու հրաման որեւէ մէկը չէ տուած»: «Զօրավարը սակաւախօս եղած է եւ սահմանափակուած է պարզ հերքումներով», – ընդգծած է BBC-ն:

Հայաստանի երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանը հրաժարած է BBC-ի հետ զրոյցէն, անոր փոխարէն բրիտանական լրատուամիջոցին ելեկտրոնային նամակ ուղարկած է Հանրապետականի փոխնախագահ Արմէն Աշոտեանը: «Սերժ Սարգսեանը այս փուլին լրատուամիջոցներու հետ չի շփուիր», – գրած է ան՝ աւելցնելով․ – «Իմ տեղեկութիւններով, Ձեր կողմէ ներկայացուած վարկածը նոյնիսկ քրէական գործին մէջ չկայ»։ Ընդ որում, Աշոտեանը հարկ համարած է գնահատական տալ Մարտ 1-ի գործով նախաքննութեանն ու պնդած, թէ այն շինծու է եւ ակնյայտ «կարուած»:

Երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի փաստաբան Արամ Օրբելեանը չէ արձագանգած BBC-ի հարցումին, բայց պնդած է, որ անոր դէմ յարուցուած քրէական գործին մէջ ղարաբաղեան ջոկատի մասին տեղեկութիւններ չկան:

Ազդեցիկ գործարարները՝ Գագիկ Ծառուկեանն ու Սամուէլ Ալեքսանեանը, հերքած են իրենց ներգրաւուածութիւնը: Քննիչները, մինչդեռ, հարցաքննութիւններու ժամանակ առաջ տարած են վարկած, ըստ որու՝ անոնք աշխատավարձ ու սնունդ մատակարարած են 2008-ի Փետրուար-Մարտին Երեւան տեղափոխուած ղարաբաղցի ուժայիններուն:

«Այս գործով ցանկացած հետաքննութիւն պէտք է ըլլայ առաւելագոյնս թափանցիկ ու բաց»
Հեղինակաւոր լրատուամիջոցը զրուցած է նաեւ միջազգային փորձագէտներու հետ: Քարնեկիի հիմնադրամի աւագ գիտաշխատող Փօլ Սթրոնսքին պնդած է՝ այս գործով ցանկացած հետաքննութիւն պէտք է ըլլայ առաւելագոյնս թափանցիկ ու բաց, հաշուի առնելով այն փաստը, որ այդ իրադարձութիւններուն մասնակից եղած է նաեւ ներկայիս վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը: «Մարտ 1-ի գործով քննութիւնը շատ առումներով ընտրողական արդարադատութեան տպաւորութիւն կը թողու», – ըսած է արեւմտեան փորձագէտը՝ աւելցնելով․ – «Ես որոշ հարցեր ունիմ այս գործի առնչութեամբ, այն ակնյայտօրէն թափանցիկութեան պակաս ունի»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment