Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Զոհրապ Մնացականեանն ու Բակօ Սահակեան Քննարկած են ԼՂ Հիմնախնդրի Կարգաւորման Վերաբերող Հարցեր

Զոհրապ Մնացականեանն ու Բակօ Սահակեան Քննարկած են ԼՂ Հիմնախնդրի Կարգաւորման Վերաբերող Հարցեր

by MassisPost

Աշխատանքային այցով Արցախ գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանը հանդիպած է Լեռնային Ղարաբաղի ղեկավար Բակօ Սահակեանի հետ։

Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան, Բակօ Սահակեանը կարեւորած է նմանօրինակ պարբերական հանդիպումներու անցկացումը, որ, ըստ անոր լաւ հնարաւորութիւն կ’ընձեռնէ՝ ամփոփելու նախորդ շրջանին կատարած համատեղ աշխատանքները եւ նախանշելու յետագայ ընելիքները:

«Ես նաեւ տեղեկացնեմ համանախագահների հետ իմ հանդիպման մասին, եւ, ինչպէս միշտ, ցանկանում եմ, որպէսզի դուք տեղեակ լինէք Արցախի զարկերակի մասին, ոչ միայն քաղաքական, այլ ընդհանրապէս՝ տնտեսական, հանրային կեանքի զարգացումների հետ կապուած», – նշած է Արցախի նախագահը:

«Իսկապէս մեր այս կանոնաւոր աշխատանքը, կանոնաւոր երկխօսութիւնը չափազանց մեծ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ մենք այս ամէնով կարողանում ենք համադրել եւ միասնական դիրքորոշումների մէջ շատ աւելի յստակ զգալ միմեանց մօտեցումները: Սա ինձ համար չափազանց կարեւոր գործառոյթ է, որովհետեւ այդ գործառոյթն արտայայտւում է նաեւ անմիջապէս բանակցային գործընթացում: Այս անգամ մեր այցը բաւական հետաքրքիր է, եւ բաւական յագեցած ծրագրով ենք այսօր միասին շատ կարեւոր աշխատանք անելու: Ես կը տեղեկացնեմ Ձեզ բանակցային գործընթացի շրջանակներում այս շրջանի զարգացումները եւ այն նկատառումները, որոնք կապուած են մեր հիմնական հարցի հետ, գալիք ծրագրերը եւ խնդիրները, որոնք ունենք մեր առջեւը», – ըսած է Հայաստանի արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարը։

Զոհրապ Մնացականեանը եւ Բակօ Սահակեանը քննարկած են արտաքին քաղաքականութեան ոլորտի մէջ Հայաստանի եւ Արցախի համագործակցութեանն առնչուող հարցերու լայն շրջանակ:

Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման խաղաղ գործընթացին` երկուստեք ընդգծուած են խաղաղութեան նպաստող միջավայրի ձեւաւորումը եւ այս շրջանակներէն ներս հրադադարի ռեժիմի ամրապնդման, վտանգներու նուազեցման միջոցառումներու իրականացման անհրաժեշտութիւնը:

Արցախի նախագահը եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը շեշտած են Արցախի` որպէս հակամարտութեան հիմնական  կողմի որոշիչ ձայն եւ ներգրաւուածութեան կարեւորութիւնը խաղաղ կարգաւորման գործընթացի արդիւնաւէտութեան ապահովման տեսանկիւնէ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment