Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Լատին Ամերիկայի Գաղթականները Եւ Հայերս

Լատին Ամերիկայի Գաղթականները Եւ Հայերս

by MassisPost

Հեռատեսիլի պաստառներուն վրայ ականատես կը դառնանք սրտաճմլիկ տեսարաններու, ուր Լատին Ամերիկայէն, հազարաւոր մղոններ քալելով Միացեալ Նահանգներու սահմանային անցակէտերը ժամանած գաղթականներու նկատմամբ կը ցուցաբերուի անմարդկային վերաբերմունք: Անոնցմէ շատեր կը պահուն «վանդակներու» մէջ, ամառնային կիզիչ արեւի տակ, զրկուած առողջապահական տարրական իրերէն ու շատ յաճախ փոքր երեխաները անջատուած իրենց ծնողներէն: Բնականաբար Ամերիկացիք զայրացած են այս տեսարաններուն առջեւ: Ամէն կողմէ կը հնչեն դատապարտումի խօսքեր: Գոնկրէսի անդամներ կ՛այցելեն գաղթականական ճամբարներ ու կոչ կ՛ուղղեն նախագահ Թրամփի վարչակազմին, վերջ տալու Ամերիկայի վարկին ու սկզբունքներուն հակասող այս երեւոյթներուն:

Տոնալտ Թրամփի համար սակայն, գաղթականներու հարցը եղած է ու կը մնայ խաղաքարտ՝ իր քաղաքական նպատակներուն հասնելու եւ վերընտրութիւնը ապահովելու համար: Ան կ՛անտեսէ այս երկրի օրէնքները, որոնք իւրաքանչիւր օտար քաղաքացիին կը շնորհեն որոշ իրաւունքներ՝ Ամերիկայի հողին վրայ ոտք դնելէ անմիջապէս ետք:

Այս առթիւ մեզ կը զարմացնէ կարգ մը հայերու մօտեցումը՝ պաշտպանելով Թրամփի վարած քաղաքականութիւնը ու մեղադրելով ճարահատ գաղթականերուն: Նմաններուն կ՛ուզենք յիշեցնել, որ ոչ հեռու անցեալին, փախչելով Միջին Արեւելքի քաղաքացիական պատերազմներէն ու խլրտումներէն եւ կամ Հայաստանի տնտեսական պայմաններէն, իրենք եւս ժամանած են Ամերիկա, եթէ ոչ ոտքով, ապա օդանաւով, ու իրենց վիզաներու ժամկէտները աւարտելէ ետք, այստեղ տարիներով ապրած են ոչ օրինական կարգավիճակով:

Ի տես Լատին Ամերիկայի գաղթականերու մատնուած դժբախտ ճակատագրին, պէտք է վերյիշենք նաեւ Ցեղասպանութենէն ազատած Հայ գաղթականերու նկատմամբ բազմաթիւ երկիրներու ցուցաբերած մարդկային վերաբերմունքը: Միջին Արեւելքի Մահմետական երկիրներն ու ժողովուրդները անգամ գրկաբաց ընդունեցին Քրիստոնեայ հայերուն, տալով անոնց ապաստանարան ու հազարաւորներ փրկելով ստոյգ մահէ:

Այս օրերուն Լատին Ամերիկայի գաղթականներուն առաջին հերթին որոն՞ք կարեկցութիւն պէտք է յայտնեն, եթէ ոչ Հայերս:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment