Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ՆԱԹՕ-ի Գլխաւոր Քարտուղարին Հասցէագրուած Կեղծ Նամակով Փաշինեան Անդրադարձած է ԼՂ-էն Հայկական Զօրքերը Դուրս Բերելու Մասին

ՆԱԹՕ-ի Գլխաւոր Քարտուղարին Հասցէագրուած Կեղծ Նամակով Փաշինեան Անդրադարձած է ԼՂ-էն Հայկական Զօրքերը Դուրս Բերելու Մասին

by MassisPost

Վարչապետի աշխատակազմի «Հանրային կապերու եւ տեղեկատւութեան կեդրոն» ՊՈԱԿ-ի «Տեղեկատւութեան ստուգման կեդրոն» ծրագիրը անդրադարձած է ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպըրկին հասցէագրուած կեղծ նամակին, որուն մէջ, իբր, ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը պատրաստակամութիւն յայտնած է հայկական զօրքերը դուրս բերելու Լեռնային Ղարաբաղէն:

Նշելով, որ նամակի թուային պատճէնը կեղծ է, «Տեղեկատւութեան ստուգման կեդրոնը» մանրամասնած է․- «Կեղծ լուսանկարը առաջին անգամ հրապարակուած է Յունիս 24-ին՝ ֆրանսական պլոկային հարթակի մէջ՝ կեղծ օգտատիրոջ կողմէ։ Այնուհետեւ՝ Յունիս 26-ին, այն հրապարակուած է ատրպէյճանական bakililar ֆորումին մէջ՝ կրկին կեղծ օգտատիրոջ կողմէ, եւ աշխոյժ քննարկման առարկայ դարձած։ Որոշ օգտատէրեր նոյնիսկ սկսած են տօնել «Արցախի վերադարձը»։

Յունիս 28-էն կեղծիքը լայն տարածում սկսած է գտնել ռուսական շարք մը ֆորումներու եւ քիչ յայտնի կայքերու մէջ։ Որպէս հեղինակ այստեղ ներկայացած է Արթուր Գրիգորեան անունով կեղծ օգտատէրը։

Լուսանկարի կեղծ ըլլալու փաստի մասին կարելի է կռահել շարք մը դրուագներով․ կնիքի բացակայութիւն, նամակի համարակալման բացակայութիւն, Հանրապետութեան զինանշանի դիրքը եւ ձեւը, ինչպէս նաեւ  շարք մը բովանդակային սխալներ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment