Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ-էն Պէտք է Արմատախիլ Ելլայ Քրէական Ենթամշակոյթը. Նիկոլ Փաշինեան

ՀՀ-էն Պէտք է Արմատախիլ Ելլայ Քրէական Ենթամշակոյթը. Նիկոլ Փաշինեան

by MassisPost

«Վերջին մէկ տարուայ ընթացքում դատախազութեան գործունէութիւնը գնահատում եմ արդիւնաւէտ, սա չի նշանակում անթերի: Ես կարծում եմ՝ մեզնից ոչ մէկի գործունէութիւնն անթերի չէ, եւ, ցաւօք սրտի, դժուար է ասել՝ կը կարողանանք հասնենք կատարելութեան, թէ ոչ»,- Գլխաւոր դատախազութեան անձնակազմի նիստին ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը: Ըստ անոր՝ վերջին մէկ տարուան ընթացքին ՀՀ դատախազութիւնը յստակ ի ցոյց դրած է, որ իսկապէս նոր Հայաստանի դատախազութիւն է եւ պատրաստ է իրականացնել այն առաքելութիւնը, այն գործառոյթը, որ ՀՀ իշխանութեան բարձրագոյն կրողը՝ ժողովուրդը, կը դնէ անոր առաջ:

«Եւ այս առումով ես ուզում եմ դատախազութեան բոլոր աշխատողներին շնորհակալութիւն յայտնել իրենց կատարած աշխատանքի համար եւ յոյս յայտնել, որ յառաջիկայում այդ աշխատանքը կը լինի աւելի արդիւնաւէտ: Եւ ՀՀ քաղաքացիները կը տեսնեն, որ դատախազութիւնն իրենց իրաւունքի, իրենց անվտանգութեան դատախազութիւնն է եւ իրենց ապագան ապահովող դատախազութիւնն է»,- ըսած է ան:

pashinyan-justice-2

Ըստ Փաշինեանի՝ այս առումով յառաջիկայ ընելիքները շատ պարզ են՝ յանցագործը պէտք է ստանայ իր անխուսափելի պատիժը: ՀՀ-էն պէտք է արմատախիլ ըլլայ քրէական ենթամշակոյթը: Յանցագործի տեղը բանտն է եւ յանցագործը ազատութեան մէջ պէտք է յայտնուի այն պայմաններուն մէջ, երբ մենք բոլորս ունենանք երաշխիքներ, որ հանրութեան համար անոր ազատութեան սպառնալիքները առնուազն կառավարելիութեան տիրոյթի մէջ են:

«Ես ուզում եմ շեշտել, որ փտածութեան դէմ պայքարում, այո, դատախազութեան ու մեր գործունէութիւնը պէտք է լինի առաւել արդիւնաւէտ: Ընդ որում, փտածութիւն ասելով՝ մենք չպէտք է հասկանանք, այսպէս ասած, նախկին կամ ներկայ փտածութիւն: Փտածութիւնը փտածութիւն է, անկախ նրանից, դա թոյլ է տրուել նախկինում գործած պաշտօնեայի նկատմամբ, թէ այսօր գործողի: Եւ այս առումով մենք իսկապէս անցեալի եւ ներկայի ճամբաբաժանի եւ խաչմերուկի առաջ ենք կանգնած: Եւ ես կարծում եմ, որ իրաւապահ համակարգի ամենակարեւոր առաքելութիւնը անցեալի առաջ, բառիս նաեւ փոխաբերական իմաստով, կարմիր լոյս վառելն է եւ ապագայի առաջ կանաչ լոյս վառելը եւ պաշտպանուած, իրաւական ապագայի հասանելիութիւնն ապահովելը»,- ըսած է ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment