Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պատրիարքական Տեղապահի Ընտրութեան Միջամտելու Հարցով Փայլան Պարզաբանում Պահանջած է Թուրքիոյ Ներքին Գործոց Նախարարէն

Պատրիարքական Տեղապահի Ընտրութեան Միջամտելու Հարցով Փայլան Պարզաբանում Պահանջած է Թուրքիոյ Ներքին Գործոց Նախարարէն

by MassisPost

Թուրքիոյ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլանը ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլուին հարցադիմում ուղղած է՝ պահանջելով պարզաբանել, թէ ինչո՞ւ նախարարութիւնը կը միջամտէ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին:

Յունիս 27-ին նախատեսուած Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի տեղապահի ընտրութիւնը յետաձգուած էր մինչեւ Յուլիս 4-ը Պոլսոյ նահանգապետարանէն պատրիարքարան ուղարկուած պաշտօնական գրութեան համաձայն:

Փայլանը նախարար Սոյլուէն պատասխան կ’ակնկալէ, թէ ի՞նչ հիմնաւորմամբ պետութիւնը կը փոխէ տեղապահի ընտրութեան ամսաթիւը: Յիշատակելով 2017 թուականին նահանգապետարանի կողմէ տեղապահական ընտրութիւնը չեղարկելու հանգամանքը՝ հայազգի պատգամաւորը պարզաբանում պահանջած է, թէ ինչո՞ւ եւ ի՞նչ իրաւունքով պետութիւնը կը միջամտէ հոգեւոր կառոյց հանդիսացող Հայոց պատրիարքարանի ներքին գործերուն:

Ընդգծելով, որ Մայիս 23-ին Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանը երկար տարիներ պետութեան կողմէ պատրիարքական ընտրութեան խոչընդոտումը կրօնական ազատութեան ոտնահարում որակած էր` Փայլանը վրդովմունք յայտնած է, թէ արդեօ՞ք այս քայլերով չի շարունակուիր խախտուիլ հայ համայնքի իրաւունքները:

«Պատրիարքարանի գործունէութիւնն ու պատրիարքական ընտրութիւնը կանոնակարգող 1863 թուականի Հայոց ազգային սահմանադրութեան որ դրոյթներուն հիման վրայ նախարարութիւնը կը միջամտէ պատրիարքի ընտրութեան», – հարցումին մէջ նշած է Փայլանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment