Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Սահմանադրական Դատարանի Հարցով Վահէ Գրիգորեան Երեք Լուծման Տարբերակ Առաջարկած է

Սահմանադրական Դատարանի Հարցով Վահէ Գրիգորեան Երեք Լուծման Տարբերակ Առաջարկած է

by MassisPost

Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանը խորհրդարանէն ներս լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ հաստատած է, որ Սահմանադրական դատարանի դատաւոր Վահէ Գրիգորեանը նամակ ուղղած է կառավարութեան, Ազգային ժողովին, ՀՀ նախագահին ու Դատաւորներու ընդհանուր ժողովին:

«Բաւական ծաւալուն նամակի մասին է խօսքը, չեմ կարող ամբողջութեամբ մէջբերել: Կարծում եմ՝ նոյնիսկ ճիշդ կը լինի, որ Վահէ Գրիգորեանը հանրայնացնի իր այս նամակը, որովհետեւ ի վերջոյ մեծ թուով հասցէատէրերի է ուղղուած: Փաստարկելով եւ հիմնաւորելով ճգնաժամի գոյութիւնը՝ Վահէ Գրիգորեանն ըստ էութեան երեք լուծման տարբերակ է տեսնում՝ սկսած առկայ իրավիճակի ամրագրումից, մինչեւ մեծ կամ միջին տրամաչափի փոփոխութիւններ: Հանգուցալուծման տարբերակներ են»,- ըսած է Արարատ Միրզոյեանը:

Ան նշած է՝ պէտք է արձանագրել, որ կայ անորոշութիւն, եւ կարիք կայ, ինչպէս լայն հասարակութեան շրջանին, այնպէս ալ յատկապէս դատարանի կազմութեան մասնակցող մարմիններու՝ Դատաւորներու ընդհանուր ժողով, կառավարութիւն, ԱԺ ու ՀՀ նախագահ, քննարկում ծաւալել, որպէսզի պարզ ըլլայ, թէ երկիրը այս ճգնաժամէն ինչպէս պէտք է դուրս գայ: Ան աւելցուցած է, որ ինքը կը խօսի լայն հասարակ յայտարարի մը միջոցով ճգնաժամի յաղթահարման մասին:

Արարատ Միրզոյեանը ըսած է, որ այդ նամակը ինք պիտի ուղղէ բոլոր պատգամաւորներուն:
Անդրադառնալով այն կարծիքներուն, որ մէկ իրաւաբան օրակարգ կը թելադրէ եւ Սահմանադրական դատարանի մէջ իշխանութիւն կը իւրացնէ, Արարատ Միրզոյեանը ըսած է. «138 տոկոսով, նոյնիսկ 139 ու կէս տոկոսով համաձայն չեմ ձեր ձեւակերպումներին հետ: Ես կարծում եմ, ճգնաժամը առկայ է անկախ նրանից՝ այդ յայտարարութիւնը կամ նամակը կը լինէր, թէ չէ»:
Սահմանադրական դատարանի նախագահ Հրայր Թովմասեանը փոխելու խնդիր, ըստ Միրզոյեանի, տեսականօրէն դրուած չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ որեւէ մէկը՝ ըլլայ այն Ազգային ժողովը, նախագահը, կառավարութիւնը, թէ վարչապետը, այդպիսի լիազօրութիւնով օժտուած չէ:

Այս հանգուցալուծման մէջ, ըստ Միրզոյեանի, մեծ աւանդ պէտք է ունենան բոլորը, առաջին հերթին Հրայր Թովմասեանը: «Այստեղ իր ունեցած աւանդն իսկապէս կարող է անգնահատելի լինել, եւ ես մեծ յոյս ունեմ, որ պարոն Թովմասեանն իր ծանրակշիռ խօսքը կ’ասի դէպի հանգուցալուծում»,- ըսած է ան:

ԱԺ նախագահը նաեւ նշած է, որ եթէ Հրայր Թովմասեանը յայտարարէ, որ պիտի հեռանայ, ըստ ամենայնի ճգնաժամը չի հանգուցալուծուիր, որովհետեւ Հրայր Թովմասեանի անձով չէ պայմանաւորուած ճգնաժամը: «Ես խօսում էի հիմնարկի նկատմամբ վստահութեան, էդ հիմնարկում տարիներ շարունակ ներգրաւուած անձանց մասին, որոնք ակնյայտօրէն աւելին են, քան մէկ հոգին: Եւ այդ մէկ հոգին վստահաբար Հրայր Թովմասեանը չէ»,- աւելցուցած է ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment