Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Խորհրդարանական Ուժերը Քոչարեանի Կալանաւորման մէջ Քաղաքական Դրդապատճառ Չեն Տեսներ

Խորհրդարանական Ուժերը Քոչարեանի Կալանաւորման մէջ Քաղաքական Դրդապատճառ Չեն Տեսներ

by MassisPost

Խորհրդարանական ուժերը 2-րդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի կալանաւորման որոշման մէջ քաղաքական  դրդապատճառ չեն տեսներ:

Ընդդիմադիր «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, Գագիկ Ծառուկեանի խօսնակ Իւեթա Տօնոյեանը կը կարծէ, որ Ռոպերթ Քոչարեանի կալանաւորումը պէտք է դիտարկել իրաւական հարթութեան մէջ: Ընդհանուր առմամբ, ԲՀԿ պատգամաւորները խուսափած են Քոչարեանին առնչուող հարցերուն յստակ պատասխաններ տալէ։ Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահէ Էնֆիաճեանը, օրինակ, այդպէս ալ չէ ըսած՝ համաձա՞յն են Քոչարեանի դիտարկման հետ, որ «երկրին մէջ օրէնք եւ օրինականութիւն չկայ»:

«Ոչ թէ միայն երկրորդ նախագահի, առաջին կամ երրորդ կամ ներկայիս վարչապետի հետ կապուած ով ինչ է ասել եւ ինչ է ենթադրել եւ ինչ ձեւով է այդ ամէնը մեկնաբանում չեմ պատրաստուել, չեմ պատրաստւում եւ չեմ էլ պատրաստուելու մեկնաբանութիւններով հանդէս գալ իրենց ասածի հետ կապուած», – նշած է Էնֆիէճեանը։

«Ազատութեան» հարցին՝ այսինքն չէք կիսեր Ռոպերթ Քոչարեանի այդ մօտեցումը, պատասխանած է. «Կիսում ենք օրէնքի գերակայութեան հանգամանքը»։

Ընդդիմադիր «Լուսաւոր Հայաստան»-ը նոյնպէս Քոչարեանի գործը կը դիտարկեն իրաւական հարթութեան վրայ, աւելին, ինչպէս նշած է պատգամաւոր Անի Սամսոնեանը, այդ գործը իրենց համար առաջնային նշանակութիւն չունի։

«Մենք քաղաքական հետապնդման տարրեր չենք տեսնում, եւ այս գործը մեզ համար զուտ իրաւական գործընթաց է», – «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Անի Սամսոնեանը։

Իշխանական «Իմ քայլ»-ը նոյնպէս, Քոչարեանի կալանաւորման որոշման մէջ, քաղաքական հետապնդում չի տեսներ: Խմբակցութեան պատգամաւոր Աննա Կարապետեանը ըսած է, թէ համաձայն չէ Քոչարեանի դիտարկման հետ, թէ երկրին մէջ ոչ օրէնք կայ եւ ոչ ալ օրինականութիւն:

«Ես գտնում եմ, որ ոչ մի քաղաքական հետապնդում չկայ, գործընթացը տեղի է ունենալու օրինականութեան սահմաններում եւ սահմանադրականութեանը եւ օրէնքներին համապատասխան։ Ես կարծում եմ, որ հանրութեան մէջ տասնամեակներ ձգուող ամենահիմնական հանրային պահանջը Մարտի 1-ի գործի բացայայտումն է։ Մենք բոլորս կը սպասենք այդ բացայայտմանը», – ընդգծած է «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւորը։

Լրագրողները յիշեցուցած են Աննա Կարապետեանին, որ ան մինչեւ «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր դառնալը, Հանրապետականի իշխանութեան օրօք խորհրդարանի Պետաիրաւական յանձնաժողովին մէջ կ’աշխատէր, սակայն այդ տարիներուն երբեք չէ խօսած Մարտ 1-ի գործի բացայայտման կարեւորութեան մասին: Ի պատասխան պատգամաւորը հակադարձած է՝ իր հայրը Մարտ 1-ի գործով քաղբանտարկեալ եղած է:

«Ճիշդ էք ասում նախորդ իշխանութիւնների ժամանակ աշխատել եմ Պետաիրաւական յանձնաժողովում, իմ մասնագիտական գործունէութիւնն եմ ծաւալել Պետաիրաւական յանձնաժողովում եւ քաղաքականութեամբ չեմ զբաղուել այդ տարիների ընթացքում։ Մինչ այդ, բացայայտեմ ձեզ, որ ես նախ մեծացել եմ քաղաքական ընտանիքում եւ շատ բուռն ներգրաւուած եմ եղել քաղաքական գործընթացներին։ Իմ հայրը Մարտի 1-ի գործով քաղբանտարկեալ է եղել, հիմա թոյլ տուէք այլեւս չշարունակել», – ըսած է Կարապետեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment