Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքական Տեղապահի Թեկնածուն Ընդունելի Պիտի Ըլլա՞յ Թրքական Իշխանութիւններուն Համար

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքական Տեղապահի Թեկնածուն Ընդունելի Պիտի Ըլլա՞յ Թրքական Իշխանութիւններուն Համար

by MassisPost

«Հայաստանի Հանրապետութիւն» օրաթերթը կը գրէ. «Յունիս 27-ին Պոլսոյ հայոց պատրիարքական տեղապահի ընտրութիւնն է: Որքանո՞վ այն ազատ պիտի ըլլայ  թրքական իշխանութիւններու միջամտութենէն:

Թրքագէտ Ռուբէն Մելքոնեանի խօսքերով, ըստ Լոզանի պայմանագրի, ոչ իսլամ փոքրամասնութիւնները իրաւունք ունին կազմակերպելու իրենց կրօնական առաջնորդի ընտրութիւնը: Այդ, ըստ էութեան, ներքին ինքնաւարութեան խնդիր է: Եւ թրքական իշխանութիւնները չեն կրնար միջամտել այդ ամէնուն: Բայց իրաւական անորոշութիւն առկայ է: Հարցն այն է, որ մէկ կողմէն թրքական իշխանութիւնները իրաւունք չունին մասնակցելու պատրիարքի ընտրութեան բուն գործընթացին, միւս կողմէ՝ անոնք չեն կրնար մասնակցութիւն չունենալ ընտրական գործընթացին, քանի որ անվտանգութեան տեսանկիւնէ պատասխանատու է Ներքին գործոց նախարարութիւնը եւ այլն:

Ըստ Ռ. Մելքոնեանի, «Թուրքիոյ իշխանութիւնները նախ կ’ուզենան, որ լինի իրենց համար լիովին ընդունելի մարդ, եթէ չլինի էլ՝ ընտրութիւնից յետոյ նրան կը ներկայացնեն պայմաններ, որոնց համապատասխան պէտք է աշխատի: Չեմ կարծում, որ որեւէ մէկը կարողանայ էականօրէն շեղուել այդ պայմաններից»,- ըսած է ան»:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment