Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Քոնգրեսական Ֆրենք Փալոն Ներկայացուցած է ԱՄՆ-Հայաստան «Ռազմավարական Գործընկերութիւնը» Ողջունող Բանաձեւ

Քոնգրեսական Ֆրենք Փալոն Ներկայացուցած է ԱՄՆ-Հայաստան «Ռազմավարական Գործընկերութիւնը» Ողջունող Բանաձեւ

by MassisPost

Քոնկրեսական Ֆրենք Փալոն ներկայացուցած է ԱՄՆ-Հայաստան «Ռազմավարական գործընկերութիւնը» ողջունող բանաձեւ։ Բանաձեւը կոչ կ’ընէ բարձր մակարդակի այցելութիւններ, պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ  կատարել քննարկումներ, զարկ տալ առեւտուրին ու ներդրումներուն։ Այս մասին կը գրէ «Ամերիկայի Ձայնը»։

Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի հիմնադիր ու համանախագահ Փալոնի ներկայացուցած բանաձեւը կ’ողջունէ Հայաստանի մէջ 2Օ18 թուականին խաղաղ քաղաքական անցումը, ԱՄՆ-Հայաստան «ռազմավարական գործընկերութիւնը» եւ կոչ կ’ընէ զարկ տալու քաղաքական, տնտեսական, ռազմական երկկողմ համագործակցութեան։

«Անցած մէկ տարուան ընթացքին Հայաստանի մէջ սկսած փոքր շարժումը վերածուեցաւ ոչ բռնի «Թաւշեայ յեղափոխութեան», որուն յաջորդեցին համընդհանուր ազատ ընտրութիւնները։ Այս պատմական իրադարձութիւնները ժողովրդավարութեան նկատմամբ Հայաստանի ժողովուրդի հաւատարմութեան վկայութիւնն են, ինչը ցոյց կու տայ, թէ ինչու հարկաւոր է, որ Միացեալ Նահանգները աշխուժացնէ Փաշինեանի կառավարութեան հետ շփումները», ըսած է քոնկրեսական Փալոնը։

«Հայաստանը ներկայիս կը գտնուի վճռական փուլի մը մէջ, ուր ԱՄՆ-ի աջակցութիւնը կրնայ օժանդակել այստեղ ժողովրդավարութեան ու քաղաքացիական հասարակութեան հաստատութիւններու աճին»,- ըսած է քոնկրեսականը՝ խոստանալով աշխատանքներ ծաւալել հայկական հարցերով յանձնախմբի միւս անդամներու ու Քոնկրեսի ղեկավարներու հետ, որպէսզի բանաձեւը ընդունուի օրէնսդիր մարմնին կողմէ։

«Հայաստանի կառավարութեան գործունէութեան թափանցիկութիւնը, ժողովրդավարական հաստատութիւններու ամրապնդումը, քաղաքացիական հասարակութեան զարգացումը ապահովելու գործին մէջ ԱՄՆ-ի աջակցութիւնը թոյլ կու տայ զարգացնել երկու երկիրներու միջեւ պատմական բարեկամական կապերը»,- ըսուած է բանաձեւին մէջ։

Նաեւ կոչ կ’ըլլայ, որ ԱՄՆ-ը ղեկավար դեր ստանձնէ Հայաստանին օգնելու առումով, «որպէսզի ժողովուրդը կարողանայ ամրապնդել գրանցուած առաջընթացը, ինչի համար հարկաւոր է զարկ տալ երկկողմ այցերուն, պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ՝ քննարկումներուն, միջազգային խաղաղապահ գործողութիւններուն մէջ Հայաստանի մասնակցութեան, առեւտուրի ու ներդրումներու բնագաւառին մէջ՝ աճին, աջակցիլ քաղաքական կուսակցութիւններու զարգացման, թափանցիկութեան, օրէնքի գերակայութեան, քաղաքացիական հասարակութեան զարգացման եւ մամուլի ազատութեան»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment