Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթընի անցեալ տարուան ուղեւորութիւնը Հարաւային Կովկաս եւ Ուաշինկթընի մէջ Ատրպէյճանի ու Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարներու հետ հանդիպումը կը վկայէ այն մասին, որ ԱՄՆ-ն կը սկսի տարածաշրջանին մէջ աւելի աշխոյժ դեր խաղալ: Այս մասին BBC-ին ըսած է Քարնեկի հիմնադրամի աւագ գիտաշխատող Փոլ Սթրոնսքին:
«Պոլթընը կեդրոնացած է Իրանի վրայ: Երկու երկիրներուն հետ պիտի քննարկուի Իրանի հետ անոնց տնտեսական կապերու հարցը, եւ այս նկատառումը աւելի խիստ պիտի արտայայտուի, աւելի շատ, Հայաստանի հասցէին»,- ըսած է Սթրոնսքին: Անկէ բացի, ԱՄՆ նախագահը Ռուսաստանի հետ համագործակցութեան ուղիներ կ’որոնէ, աւելցուցած է ան:
Անոր խօսքով՝ Լեռնային Ղարաբաղը այն ուղղութիւնն է, որով ԱՄՆ-ը աւանդաբար յաջողած է Ռուսաստանի հետ արդիւնաւէտ աշխատիլ: «Թրամփը կ’ուզէ միջազգային ասպարէզի մէջ ինչ-որ լաւ բան ընել»,- կը կարծէ ան: «Ես ուրախ եմ, որ Թրամփի վարչակազմը, թեւերը սոթտած սկսած է զբաղուիլ [Լեռնային Ղարաբաղի] հիմնախնդրով, որ չափէն աւելի շատ ուշադրութիւն չի գրաւեր, փոխարէնը կրնայ ծանրակշիռ արդիւնք տալ»,- ըսած է Սթրոնսքին:
Օքսֆորտի համալսարանի տարածաշրջանային հարցերով փորձագէտ Լեյլա Ալիեւան համաձայն է, որ ԱՄՆ-ն սկսած է Անդրկովկասի մէջ աւելի աշխոյժ դեր խաղալ: Անոր կարծիքով՝ Ուաշինկթընի դիրքորոշումը փոխուած է այն բանէն ետք, երբ նախորդ տարիներուն ամերիկեան դերը քիչ մը կրաւորական եղած է ներքին խնդիրներու եւ միջազգային այլ առաջնահերթութիւններու պատճառով:
«Պոլթընը Լեռնային Ղարաբաղի հետ գործ չունի: Անոր կիզակէտը Իրանն է»,- յայտարարած է Հայաստանի մէջ ԱՄՆ նախկին դեսպան Ճոն Էւանսը:
Ուաշինկթընի մէջ բանակցութիւններէն լուրջ արդիւնքներ պէտք չէ ակնկալել, կը կարծեն փորձագէտները:
«Սա այն դէպքը չէ, երբ կարելի է բեկում սպասել, ինչպէս Քի Ուեսթի ժամանակ»,- ըսած է Հայաստանի մէջ ԱՄՆ նախկին դեսպան Էւանսը:
2001-ին ամերիկեան Քի Ուեսթ հանգստավայրին մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Հեյտար Ալիեւը եւ Ռոպերթ Քոչարեանը, ինչպէս երբեք, մօտ էին խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման, սակայն վերջին պահին բանակցութիւնները տապալած էին:
«Այժմ օրակարգը նոյնն է. ինչպէս հաշտութիւնը եւ զինադադարը աւելի կայուն դարձնել»,- ըսած է Օքսֆորտի համալսարանէն Ալիեւան: