Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պոլթըն Լեռնային Ղարաբաղի Հետ Գործ Չունի, Անոր Կիզակէտը Իրանն է. Ամերիկացի Դիւանագէտ

Պոլթըն Լեռնային Ղարաբաղի Հետ Գործ Չունի, Անոր Կիզակէտը Իրանն է. Ամերիկացի Դիւանագէտ

by MassisPost

Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթընի անցեալ տարուան ուղեւորութիւնը Հարաւային Կովկաս եւ Ուաշինկթընի մէջ Ատրպէյճանի ու Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարներու հետ հանդիպումը կը վկայէ այն մասին, որ ԱՄՆ-ն կը սկսի տարածաշրջանին մէջ աւելի աշխոյժ դեր խաղալ: Այս մասին BBC-ին ըսած է Քարնեկի հիմնադրամի աւագ գիտաշխատող Փոլ Սթրոնսքին:

«Պոլթընը կեդրոնացած է Իրանի վրայ: Երկու երկիրներուն հետ պիտի քննարկուի Իրանի հետ անոնց տնտեսական կապերու հարցը, եւ այս նկատառումը աւելի խիստ պիտի արտայայտուի, աւելի շատ, Հայաստանի հասցէին»,- ըսած է Սթրոնսքին: Անկէ բացի, ԱՄՆ նախագահը Ռուսաստանի հետ համագործակցութեան ուղիներ կ’որոնէ, աւելցուցած է ան:

Անոր խօսքով՝ Լեռնային Ղարաբաղը այն ուղղութիւնն է, որով ԱՄՆ-ը աւանդաբար յաջողած է Ռուսաստանի հետ արդիւնաւէտ աշխատիլ: «Թրամփը կ’ուզէ միջազգային ասպարէզի մէջ ինչ-որ լաւ բան ընել»,- կը կարծէ ան: «Ես ուրախ եմ, որ Թրամփի վարչակազմը, թեւերը  սոթտած  սկսած  է զբաղուիլ [Լեռնային Ղարաբաղի] հիմնախնդրով, որ չափէն աւելի շատ ուշադրութիւն չի գրաւեր, փոխարէնը կրնայ ծանրակշիռ արդիւնք տալ»,- ըսած է Սթրոնսքին:

Օքսֆորտի համալսարանի տարածաշրջանային հարցերով փորձագէտ Լեյլա Ալիեւան համաձայն է, որ ԱՄՆ-ն սկսած է Անդրկովկասի մէջ աւելի աշխոյժ դեր խաղալ: Անոր կարծիքով՝ Ուաշինկթընի դիրքորոշումը փոխուած է այն բանէն ետք, երբ նախորդ տարիներուն ամերիկեան դերը քիչ մը կրաւորական եղած է ներքին խնդիրներու եւ միջազգային այլ առաջնահերթութիւններու պատճառով:

«Պոլթընը Լեռնային Ղարաբաղի հետ գործ չունի: Անոր կիզակէտը Իրանն է»,- յայտարարած է Հայաստանի մէջ ԱՄՆ նախկին դեսպան Ճոն Էւանսը:

Ուաշինկթընի մէջ բանակցութիւններէն լուրջ արդիւնքներ պէտք չէ ակնկալել, կը կարծեն փորձագէտները:

«Սա այն դէպքը չէ, երբ կարելի է բեկում սպասել, ինչպէս Քի Ուեսթի ժամանակ»,- ըսած է Հայաստանի մէջ ԱՄՆ նախկին դեսպան Էւանսը:

2001-ին ամերիկեան Քի Ուեսթ հանգստավայրին մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Հեյտար Ալիեւը եւ Ռոպերթ Քոչարեանը, ինչպէս երբեք, մօտ էին խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման, սակայն վերջին պահին բանակցութիւնները տապալած էին:

«Այժմ օրակարգը նոյնն է. ինչպէս հաշտութիւնը եւ զինադադարը աւելի կայուն դարձնել»,- ըսած է Օքսֆորտի համալսարանէն Ալիեւան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment