Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Վահէ Գրիգորեանի Անակնկալ Յայտարարութիւնը Սահմանադրական Դատարանի Նախագահի Պարտականութիւնները Ստանձնելու Մասին

Վահէ Գրիգորեանի Անակնկալ Յայտարարութիւնը Սահմանադրական Դատարանի Նախագահի Պարտականութիւնները Ստանձնելու Մասին

by MassisPost

ՀՀ Ազգային ժողովի «Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավար Լիլիթ Մակունցի համար Վահէ Գրիգորեանի՝ Սահմանադրական դատարանի նախագահի լիազօրութիւններն ու պարտականութիւնները ստանձնելու մասին յայտարարութիւնը անակնկալ եղած է: «Արմէնբրես»-ի հաղորդմամբ՝ Մակունցը այդ մասին ըսած է ԱԺ-ի մէջ լրագրողներու  հետ զրոյցի ժամանակ՝ անդրադառնալով լրագրողի հարցին:

«Ինձ համար անակնկալ էր Վահէ Գրիգորեանի յայտարարութեան՝ Սահմանադրական դատարանի նախագահի պարտականութիւնները ստանձնելու հատուածը»,-ըսած է Մակունցը:

Հարցին, թէ արդեօք փորձա՞ծ է այդ մասով պարզաբանում ստանալ, Մակունցը ըսած է՝ ոչ, քանի որ նման իրաւունք չունի: Ան շեշտած է՝ սահմանադրական դրոյթները կրնայ մեկնաբանել բացառապէս Սահմանադրական դատարանն ու դատարանի դատաւորը: Հետեւաբար` Մակունցը յորդորած է բոլոր մեկնաբանութիւններուն համար դիմել Վահէ Գրիգորեանին:

Դիտարկման, թէ Վահէ Գրիգորեանը իր թեկնածութեան քննարկման ժամանակ նախագահ դառնալու մտադրութեան մասին չէ բարձրաձայնած, ինչպէ՞ս կը վերաբերի այդ հարցին, Մակունցը ըսած է. «Իւրաքանչիւր թեկնածուի իրաւունքն է որեւէ փուլում որոշել որեւէ մտադրութեան մասին հանրայնացնել կամ չհանրայնացնել: Վահէ Գրիգորեանը նպատակայարմար է գտել իր մտադրութիւնների մասին տեղեկացնել երդման արարողութեան ժամանակ, ես որեւէ խնդիր այդտեղ չեմ տեսնում: Իսկ ինչ վերաբերում է նրա յայտարարութեանը՝ ՍԴ-ի նախագահի պարտականութիւնները կատարելու վերաբերեալ, ես խնդրում եմ՝ քանի որ դա սահմանադրական դրոյթի մեկնաբանութիւն է, դիմել Վահէ Գրիգորեանին, քանի որ նման հարցերն իրաւունք ունի մեկնաբանել բացառապէս ՍԴ-ն»,-նշած է Մակունցն ու շեշտած, որ ԱԺ-ն որպէս օրէնսդիր մարմին, իրենք՝ որպէս պատգամաւոր իրաւունք չունին այդ հարցին անդրադառնալու:

Նշենք, որ Յունիս 20-ին ԱԺ-ի մէջ Սահմանադրական դատարանի դատաւորի երդման արարողութեան ժամանակ Վահէ Գրիգորեանը նշած էր, որ երդումը տալու համար Սահմանադրական դատարան մուտք գործելու ժամանակ որպէս այս պահի դրութեամբ միակ դատաւոր, կը ստանձնէ Սահմանադրական դատարանի նախագահի լիազօրութիւններու եւ պարտականութիւններու կատարումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment