Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Աարարտ Միրզոյեան. «Մենք Կոշտ Դիրքորոշում Ունինք Մեր Երկրի Ներքին Գործերուն Միջամտելու Հետ Կապուած»

Աարարտ Միրզոյեան. «Մենք Կոշտ Դիրքորոշում Ունինք Մեր Երկրի Ներքին Գործերուն Միջամտելու Հետ Կապուած»

by MassisPost

«Մենք կոշտ դիրքորոշում ունինք աշխարհի բոլոր երկիրներու կողմէ մեր երկրի ներքին գործերուն միջամտելու փորձի տեսական հնարաւորութիւն դիտարկելու հետ կապուած», Ազգային ժողովէն ներս լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ նման յայտարարութիւն ըրած է Ազգային Ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանը՝ անդրադառնալով Ռուսաստանի դեսպանը Արտաքին գործոց նախարարութիւն հրաւիրելու հանգամանքին: Միեւնոյն ժամանակ ան նշած է, որ ինք այդ հանդիպումէն այլ մանրամասներու չի տիրապետեր: Նշենք, որ ըստ մամուլի տեղեկութիւններու՝ Ռուսաստանի դեսպանը հանդիպում ունեցած էր ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի հետ:

«Նախկինում նման այլ զրոյցներ, կարծես, չեն եղել: Ինքս էլ Ռուաստանի դեսպանի հետ բազմաթիւ հանդիպումներ եմ ունեցել, բազմաթիւ հարցեր քննարկել, խօսել այդ թւում՝ փոխադարձ ինքնիշխանութիւնը յարգելու մասին»,- շարունակած է ան:

Դիտարկման, թէ անոնք կարծես արդիւնք չեն տուած, Արարատ Միրզոյեանը արձագանգած է՝ ըսելով, թէ համակարծիք չէ այս տեսակէտի հետ: Ան աւելցուցած է, որ անձամբ կ’ողջունէ այն, որ Արտաքին գործոց նախարարութիւն հրաւիրած են, բայց յորդորեց հեռուն գացող հետեւութիւններ չընել:

«Խօսքը ոչ թէ նրա մասին է, որ որեւէ երկրի դեսպան չպէտք է հանդիպի ՀՀ քաղաքական ներկապնակի որեւէ առանձին ներկայացուցչի հետ, ո՛չ, քաւ լիցի, ամենեւին, բոլորը բոլորին կարող են հանդիպել, խօսքն այն մասին է, որ հանդիպում է մի մարդու, որին շատ լուրջ մեղադրանք է առաջադրուած: Կայ դատական գործընթաց, որի շրջանակներում որեւէ այսպիսի հանդիպում, ակնարկ կարող է դիտուել որպէս միջամտութիւն»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment