Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Խումբ մը Զինուորականներ Պատրաստ են Կարեւոր Վկայութիւններ Տալ Ապրիլեան Պատերազմին Մասին

Խումբ մը Զինուորականներ Պատրաստ են Կարեւոր Վկայութիւններ Տալ Ապրիլեան Պատերազմին Մասին

by MassisPost

Ապրիլեան պատերազմէն օրեր անց պաշտօնէն ազատուած բարձրաստիճան զինուորական Կոմիտաս Մուրադեանը դէմ չէ, որ պատերազմի հանգամանքները քննէ Ազգային ժողովէն ներս ստեղծուած յանձնաժողովը:

«Յոյսեր կապելու եմ միանշանակ: Եթէ որոշուել է, թող զբաղուեն: Որովհետեւ իմ հետ կապուած հարցեր կան, դրա համար աւելի ճիշդ մենք առերես կը խօսենք», – «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Մուրադեանը:

2016-ին Զինուած ուժերու կապի զօրքերու, կապի  ինքնաշխատ կառավարման համակարգերու վարչութեան պետի պաշտօնը զբաղեցուցած, Մուրադեանին ալ յուզող հարցեր կան: Օրինակ, իր պաշտօնանկութեան պատճառները․ – «Որովհետեւ զոհերից մէկը ես եմ»:

Յիշեցնենք, որ Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի հանգամանքները ուսումնասիրող քննիչ յանձնաժողովը մէկ շաբաթ է արդէն ձեւաւորուած է՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յանձնարարութեամբ, Ազգային ժողովի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու յանձնաժողովի կազմով: Պիտի ուսումնասիրեն պատերազմի օրերուն բանակին մէջ յայտնաբերուած չարաշահումներն ու բացթողումները՝ ընդհուպ մեծաթիւ զոհերու պատճառներն ու հակառակորդի յարձակման ժամանակին չարձագանգելու տեղեկութիւնները:

2016-ի Ապրիլ 26-ին պաշտօնէն ազատուած պաշտպանութեան նախկին փոխնախարար Ալիկ Միզրաբեկեանը նիւթաթեխնիքական ապահովման բաժնի պատասխանատուն եղած է: Ան ըսած է, թէ յանձնաժողովի ուսումնասիրութիւններով մտահոգուած չէ, աւելցնելով, որ իր համակարգած ոլորտի վերաբերեալ հարցերուն առայժմ պատասխանել չուզեր, յանձնաժողովին մէջ կը խօսի՝ եթէ իրեն ալ հրաւիրեն․ – «Ես որեւէ մտավախութիւն չունեմ: Երբ որ կը հրաւիրեն, էն ժամանակ կը խօսենք»:

Ապրիլ 26-ին Սերժ Սարգսեանի հրամանով պաշտօնէն ազատուած էր նաեւ Զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի հետախուզութեան վարչութեան պետ Արշակ Կարապետեանը, որ յեղափոխութենէն ետք նշանակուած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի խորհրդական:

Օրէնսդիր մարմնի քննիչ յանձնաժողովէն լուրջ ակնկալիքներ ունի  2008-ին Պաշտպանութեան փոխնախարարի պաշտօնէն ազատուած Գագիկ Մելքոնեանը:

Ան համաձայն է, որ պատերազմը զգայուն հարց է, բայց այդ օրերուն ի յայտ եկած խնդիրներու մասին խօսիլն ու մեղաւորները պատժելը խիստ անհրաժեշտութիւն կը համարէ:

Յանձնաժողովը, ըստ Մելքոնեանի, պէտք է պատասխանէ օդէն կախուած գլխաւոր հարցին՝ ինչի՞ հետեւանքով Ապրիլին հայկական կողմը աւելի քան հարիւր զոհ ու 800 հեքթար տարածքային կորուստ ունեցաւ: Ան կը վստահեցնէ, որ այս եւ այլ հարցերու պատասխանները հանրայնացնելը ամենեւին ալ վտանգաւոր չեն:

Ռազմական գաղտնիքներու արտահոսքի եւ պետական անվտանգութեան հետ կապուած ընդդիմախօսներու մտահոգութիւնները, ըստ նախկին փոխնախարարի, անտեղի են:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment