Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանէն ԵԱՏՄ Երկիրներ Արտահանումը Աճած է

Հայաստանէն ԵԱՏՄ Երկիրներ Արտահանումը Աճած է

by MassisPost

Հայաստանի եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) երկիրներու միջեւ ապրանքաշրջանառութիւնը զգալիօրէն աճած է կառոյցին անդամակցելէն ի վեր: Աճած է նաեւ Հայաստանէն վերջնական սպառման ապրանքներու արտահանումը ԵԱՏՄ երկիրներ, նախորդ տարի արտահանումը, ընդհանուր առմամբ, աճած է 20,7 տոկոսով: Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին, ԱԺ-ի մէջ «ՀՀ նախագահութեան տարին ԵԱՏՄ-ի մէջ. մարտահրաւէրներ եւ հնարաւորութիւններ» թեմայով խորհրդարանական լսումներուն ժամանակ ըսած է ՀՀ տնտեսութեան նախարար Տիգրան Խաչատրեան:

«ԵԱՏՄ-ն Հայաստանի տնտեսութեան համար բացած է մեծ հնարաւորութիւններ: Որոշ համեմատութիւններ կատարած ենք 2014 թուականի աւարտին դրութեամբ (նախքան անդամակցութիւնը) անդամ նոյն երկիրներու հետ մեր յարաբերութիւններու քանակային ցուցանիշները: Եւ կրնանք արձանագրել, որ առեւտրաշրջանառութեան ծաւալները՝ Հայաստանի եւ ԵԱՏՄ միւս անդամ երկիրներու այս ժամանակահատուածին՝ տարեկան աճած են 34,5 տոկոսով: Ի դէպ` ՀՀ-էն ԵԱՏՄ երկիրներ արտահանման ծաւալները, նոյն ժամանակահատուածին, աճած են 2,1 անգամ: Միայն 2018 թուականի ընթացքին Հայաստանէն ԵԱՏՄ անդամ երկիրներ արտահանումը աճած է 20,7 տոկոսով: Կարեւոր է արձանագրել, որ այս արտահանումը կը ներկայացնէ վերջնական սպառման ապրանքներ»,-ներկայացուցած է Խաչատրեան:

Արտահանման ողջ ծաւալին մէջ միայն 1,1 տոկոսը եղած է լեռնահանքային ոլորտի արտադրանք: Մնացեալ 99 տոկոսը վերամշակող արդիւնաբերութեան եւ գիւղատնտեսական չմշակուած արտադրանքներ են: Խաչատրեան այս տուեալները համարած է կարեւոր թիւեր, որոնք կը խօսին այն մասին, որ Հայաստանի արտադրութեան ապրանքները մրցունակ եւ պահանջուած են ԵԱՏՄ անդամ երկիրներու սպառողներուն համար:

2018 թուականին դէպի ԵԱՏՄ անդամ երկիրներ արտահանուած են ալքոհոլային խմիչքներ, ադամանդ, թարմ եւ սառած բանջարեղէն, միրգեր, ծխախոտ, ոսկերչական իրեր, դեղագործական արտադրանք, շինարարական քարեր եւ այլն:

2019 Յունուար 1-էն Հայաստանը ստանձնած է ԵԱՏՄ նախագահութիւնը: Նախարարը նշած է՝ կրնանք փաստել, որ այս տարուան ընթացքին Հայաստանը տնտեսական տեսանկիւնէն կ’արձանագրէ շատ աւելի առարկայական ձեռքբերումներ, քան այն ժամանակահատուածին սկիզբը, երբ կ’անդամակցէր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment