Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արդարադատութեան Նախարարը եւ Բարձրագոյն Դատական Խորհուրդի Նախագահը Հրաժարական Տուած են

Արդարադատութեան Նախարարը եւ Բարձրագոյն Դատական Խորհուրդի Նախագահը Հրաժարական Տուած են

by MassisPost

Երէկ՝ 7 Յունիսին, հրաժարական ներկայացուցին Բարձրագոյն դատական խորհուրդի նախագահի պարտականութիւնները կատարող Գէորգ Դանիէլեանը եւ արդարադատութեան նախարար Արտակ Զէյնալեանը: Երկուքն ալ նախընտրեցին պաշտօնը թողելու մասին յայտնել ֆէյսպուքեան գրառումներով:

Աւելի քան մէկ տարի արդարադատութեան նախարարի պաշտօնը զբաղեցուցած Արտակ Զէյնալեանը, ըստ էութեան, չէ պատճառաբանած իր հրաժարականը, միայն գրած է․ – «Մեր ժողովրդի համար այս պատմական ժամանակահատուածում նախարարի մանտաթ ստանձնելը գերպատասխանատու, բայց եւ իրաւապաշտպանի գործունէութիւն ծաւալելու ընթացքում ի յայտ եկած իրաւական խնդիրները քայլ առ քայլ լուծելու հնարաւորութիւն ունենալուն միտուած քայլ էր: Գոհ եմ այդ քայլից, շնորհակալ եմ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին արդարադատութեան նախարարի պաշտօնում իմ թեկնածութիւնն առաջարկելու համար»:

Զէյնալեանի խօսնակը չէ մեկնաբանած անոր հրաժարականը։

Իրաւապաշտպան Արթուր Սաքունցը կ’ենթադրէ՝ նախարարի հրաժարականը կապ ունի դատաիրաւական համակարգի խնդիրներուն հետ․ – «Ես ինչքան որ կարդացի՝ չկար որեւէ հիմնաւորում հրաժարականի մասին, բայց որ դատաիրաւական բարեփոխումները իրապէս մենք ուշանում էինք յեղափոխութիւնից յետոյ եւ կտրուկ փոփոխութիւնների հետ կապուած նաեւ մօտեցումները մենք չէինք տեսնում, դա փաստ է: Տեսնենք, թէ յետոյ ում են նշանակելու եւ արդեօք այդ նոր նշանակուողը պէտք է կարողանայ որդեգրի արմատական եւ կտրուկ փոփոխութիւնների այդ վարքագիծը»:

Իսկ մէկ տարի առաջ Ազգային ժողովի կողմէ Բարձրագոյն դատական խորհուրդի անդամ ընտրուած եւ այդ կառոյցի ղեկավար Գագիկ Յարութիւնեանի հրաժարականէն ետք որպէս խորհուրդի ամենաաւագ անդամ Բարձրագոյն դատական խորհուրդի ղեկավարի պաշտօնը երկու շաբաթ զբաղեցուցած Գէորգ Դանիէլեանը, գրած է․ – «Առնուազն իմ մասով անհրաժեշտ եմ գտնում ընձեռել հնարաւորութիւն, որպէսզի նորացուած ու իրապէս վստահութիւն ներշնչող կազմով Բարձրագոյն դատական խորհուրդը ձեռնամուխ լինի կեանքի կոչելու դատաիրաւական բարեփոխումները»։

Դանիէլեանը խորհուրդէն խնդրած է իր լիազօրութիւնները դադարած համարել Յունիս 10-էն եւ նշած, որ պիտի չմասնակցի իր հրաժարականի դիմումի քննարկման:

Ուշագրաւ է, որ Մայիս 24-ին Բարձրագոյն դատական խորհուրդի ղեկավարի պաշտօնէն հրաժարած Գագիկ Յարութիւնեանը, որ մինչ այդ շուրջ երկու տասնամեակ եղած էր Սահմանադրական դատարանի նախագահը, ուղղակիօրէն չէր պարզաբանած իր հեռանալու պատճառը:

Յարութիւնեանի, Դանիէլեանի եւ Զէյնալեանի հրաժարականները տեղի ունեցան Հայաստանի մէջ դատական համակարգի եւ դատաւորներու վեթինկի մասին այս օրերուն ընթացող աշխոյժ քննարկումներու ու անցումային արդարադատութեան վերաբերեալ նախաձեռնութիւններու մշակման ֆոնին: Գագիկ Յարութիւնեանի հրաժարականէն չորս օր առաջ, յիշեցնենք, վարչապետ Փաշինեանը հանդէս եկած էր դատաիրաւական համակարգին մէջ վիրահատական միջամտութեան եւ դատաւորները վեթինկի ենթարկելու անհրաժեշտութեան մասին կոշտ ելոյթով:

Գէորգ Դանիէլեանի հրաժարականը իրաւապաշտպան Սաքունցը որակած է որպէս պարկեշտ արարք եւ ընդգծած՝ ան, ըստ էութեան հաստատեց այն տեսակէտը, որ գոյութիւն ունի հասարակութեան մէջ այդ համակարգի նկատմամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment