Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փեսքով. Փութինն ու Փաշինեանը Ղարաբաղեան Հարցը Չեն Քննարկած

Փեսքով. Փութինն ու Փաշինեանը Ղարաբաղեան Հարցը Չեն Քննարկած

by MassisPost

Ռուսաստանի նախագահի ու Հայաստանի վարչապետի հանդիպման օրակարգին մէջ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը չէ եղած, յայտնած է Քրեմլի խօսնակ Տմիթրի Փեսքովը:

«Երէկ տեղի ունեցած է շատ մանրամասն, հանգամանալից խօսակցութիւն երկկողմ յարաբերութիւններու եւ առեւտրատնտեսական տարբեր հարցերու շուրջ, ղարաբաղեան խնդիրը չէ քննարկուած», – ըսած է Փեսքովը:

Հայաստանի վարչապետի խօսնակ Վլատիմիր Կարապետեանը, ըստ «Արմէնբրես»-ի, հանդիպումէն ետք ըսած էր՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան անդրադարձ եղած է, սակայն հարցերը վերաբերած են հիմնական տնտեսական օրակարգին։ «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցի վերաբերեալ մանրամասն քննարկում չի եղել, պարզապէս նշուել է, որ կայ ընդհանուր ըմբռնում այս խնդրի վերաբերեալ», – ըսած էր Կարապետեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment